ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ցեխը կամ տիղմը որեւէ շարժում դանդաղեցնելու պատճառ կը դառնայ: Նոյնիսկ ջուրը, որուն մէջ մտնելով մարդ եթէ ուզէ արագ շարժումներ կատարել, չի՛ յաջողիր, որովհետեւ անիկա աւելի ծանր ըլլալով կ՛արգելափակէ ազատ շարժումները, իր ծանրութեան համապատասխան չափորոշիչ արագութիւն սահմանելով անոնց համար: Ուրեմն, որքան աւելի՛ շարժում արգելափակող կարողութիւն ունի ցեխը, որ ջուրէն քանի անգամ աւելի թանձր է, կաւային բնոյթ ունենալով:
Ցեխը բազմաթիւ աշխատանքներու մէջ օգտագործուող նիւթ է: Սկսելու համար հնադարեան ժամանակաշրջաններէ, պատմութեան ծանօթ է, որ մարդիկ իրենց տուներուն կամ այգիներուն պատերը ծեփելու համար ցեխը կ՛օգտագործէին: Նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն, երրորդ աշխարհեան երկիրներու գիւղական շրջաններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ ցեխածեփ պատերով տուներու, ախոռներու եւ այլ կառոյցներու: Անշուշտ, որոշ ձեւեր կ՛օգտագործէին գիւղացիները աւելի պնդացնելու համար ցեխը, որ չորնալէն ետք կը քարանար եւ ամուր պատի յատկութեամբ կը պաշտպանէր բնակարանը, ախոռը կամ այգիին շուրջ-բոլորը: Անոնք մանրուած յարդը կը միախառնէին ցեխի զանգուածին, միասնաբար շաղելով զանոնք, մինչեւ որ կարելի ըլլար անով ծեփել պատերը: Այն շրջաններուն մէջ, ուր քար չգտնուէր եւ հնարաւորութիւն ալ չ՛ըլլար ուրիշ շրջաններէ քար կրել այդտեղ, գիւղացիները փայտեայ մասնաւոր կաղապարներու մէջ կը լեցնէին իրենց շաղած յարդախառն ցեխը եւ արեւուն տակ չորցնելէ ետք, աղիւսի նման իրարու վրայ կը շարէին զանոնք, հիւսելով իրենց տան, ախոռին կամ արտին պատը: Բարձրացած այս պատն ալ աւելի ամրացնելու համար, դարձեալ յարդաշաղախ ցեխով կը ծեփէին զայն:
Մարդու կենցաղային կեանքին այնքան նպաստած այս նիւթը՝ ցեխը, մարդու զարգացման եւ քաղաքակրթուելուն հետ, ինք ալ ունեցաւ զարգացման փուլեր, բրուտագործութենէն մինչեւ քանդակագործութիւն եւ այլ արուեստներ: Ծանօթ է, որ հին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր, բրուտագործութիւնը միայն նախամարդու կենցաղային կամ լաւ եւս միայն խոհանոցային պիտոյքներու՝ պնակեղէնի ծանօթ տեսականիի արհեստը չէր, այլեւ արուեստ մը՝ զանազան տեսակի անօթներ պատրաստելու, ծաղկամաններէն սկսեալ մինչեւ տարբեր տեսակի իրեր՝ ձիթավառ լապտերներ, մեծ ու փոքր կոյժեր եւ այլ պիտոյքներ:
Արուեստներու մշակումով եւ մշակոյթի պատմութեան գրառումով, քանդակագործութիւնը միայն քարի, իսկ աւելի ուշ միայն մետաղներու վրայ կիրարկուած աշխատանքներու սահմանին մէջ պիտի չմնար: Անոր ամէնէն նախնական ձեւերը սկիզբ պիտի առնէին կաւերով շինուած, ապա՝ թրծուած կերպարներով: Մինչեւ այսօր, սոյն արուեստի առաջին քայլերը, որոնք ուսուցողական մակարդակի վրայ կը կիրարկուին մանկապարտէզի առաջին դասարաններուն մէջ, երեխաներուն տրամադրուած կաւի ձեւաւորումներով կը կատարուին, թոյլ տալով որ իւրաքանչիւր երեխայ իր երեւակայութիւնը կերպարանաւորէ, ձեւ տալով անձեւ կաւին: Կը տեսնենք յաճախ, որ մանուկները ինչպէս կը յաջողին դէմքեր պատկերել անդէմ ու անկերպարան կաւերը իրենց ափերուն մէջ շաղելով ու զանոնք ձեւաւորելով:
Ձուլածոյ իրենց արձաններուն մարմին տալու համար եւս, անուանի արուեստագէտներ նախ կաւով կը քանդակեն զանոնք, մասնաւորաբար մարդկային կերպարներու կիսանդրիները պատրաստելու միջոցին, անոնց դէմքը հարազատագոյնս ներկայացնելու համար: Կաւի թաց կտորներ անընդհատ իրենց մատներուն ծայրը ոլորելով, անոնք մանր-մանր կը փակցնեն մեծ զանգուածին, մինչեւ որ քանդակուելիք ենթակային իսկական նմանութիւնը կազմեն: Ապա, անոնք գաճապատելով կաւաշէն սոյն արձանը՝ կը շինեն անոր կաղապարը, որուն մէջ կը լեցուի մետաղը, իր աւարտին հասցնելու համար ձուլածոյ արձանը տուեալ անձին:
Ցեխին մասին եղած բոլոր այս գովասանական արտայայտութիւնները սակայն, չեն կրնար փարատել անոր կեղտոտ նկարագիրը: Ցեխը կեղտոտ նիւթ է: Երբ մեր ձեռքերուն մէջ առնենք զայն, կը ցեխոտէ զանոնք եւ ստիպուած կ՛ըլլանք մաքուր ջուրով լուալու եւ մաքրելու մեր ձեռքերը: Միւս կողմէ, երբ արկածով մը մեր հագուստին վրայ ցատկէ անկէ քանի մը կաթիլ, դարձեալ ստիպուած կ՛ըլլանք ջուրին թաթխուած մաքուր կտաւով մաքրել անոր պատճառած բիծերը, իսկ եթէ աւելի մեծ է անոր թողած արատը, ստիպուած կ՛ըլլանք ամբողջութեամբ լուալու մեր հագուստը:
Ծերունի բարեկամս, որ շատ զգոյշ էր փոխյարաբերական կեանքի բոլոր կանոններուն նկատմամբ, յաճախ կը թելադրէր ցեխէն հեռու մնալ: Ցեխը այս պարագային փոխաբերական իմաստով կեղտի նշանակութեամբ կ՛ըմբռնէր ինք:
Բարոյական կեանքի մաքրութիւնը, այլապէս, կ՛իմացուի կեղտոտ կեանքէ հեռու՝ իբրեւ մարդկային բարձրութեան վրայ ապրուած կեանքի ձեւ մը: Ի՞նչ է կեղտը: Անիկա միայն սեփական նկարագիրի բիծերուն պատկերը չէ՛, այլեւ կրնայ նաեւ ուրիշին կողմէ քեզի ուղղուած զրպարտութիւն մը ըլլալ, յանկարծակի կերպով վրադ սրսկուած իբրեւ ցեխ կամ կեղտ:
Չարանենգ մարդոց առօրեային մաս կը կազմէ պատեհ առիթներու փնտռտուքը, անակնկալ հարուածներ հասցնելու անխոցելի մարդոց: Օրինակ՝ ազնիւ մարդիկ, որոնք սովորութիւն չունին հակադարձելու կամ հակազդելու իրենց ուղղուած զրպարտութիւններուն, յաճախակի զոհերն են նման աննկարագիր եւ յարձակողապաշտ մարդոց: Անոնք կրնան երկինքի կապոյտին մէջէն յանկարծ վար բերել պատճառաբանութիւն մը, յիշելով վաղ անցեալին պատահած դէպք մը, որ այդ պահուն ամենեւին ալ յարմարութիւն չունէր տեղադրուելու տեղի ունեցող խօսակցութեան մէջ, բայց պարզապէս վիրաւորելու համար իրենց խօսակից պատուական անձ մը: Սակայն դարձեալ, իրենց զրուցակիցը անտարբերութեամբ կը մօտենայ իրեն ուղղուած զրպարտութեան, այնպէս ձեւացնելով որ չէր լսած այդ խօսքը: Միշտ ծերունի բարեկամիս պատուէրը կը յիշեմ նման դէպքերու ականատես եւ ականջալուր ըլլալէ ետք.
_ Տղա՛ս, ցեխին քար մի՛ նետեր, երեսիդ կը ցատկէ: Արդար է եւ ճշմարիտ այս խօսքը: Ինչո՞ւ կեղտոտել մաքուր զգեստներդ՝ այսինքն բիւրեղ նկարագիրդ, ամբողջ մարմինով ու հոգիով կեղտի մէջ մխրճուած աննկարագիր մարդուն պատասխան տալով…։ Անիկա արդէն մինչեւ իր ռունգերը թաթխուած է կեղտի մէջ, փափաքելով քեզ ալ նոյն վիճակին մատնել, ներքաշելով քեզ իր լոգանքի գարշահոտ տաշտին մէջ…։
Դուն կը կարծե՛ս որ կրնաս քարով հարուածել անոր ճակատին, սակայն կը մոռնաս, որ անիկա կեղտի լոգարանին մէջ է ու ցեխով պատուած է անոր չորսդին, մինչ դուն մաքուր զգեստներ կը կրես, սպիտակ՝ ինչպէս ձիւնը: Հազիւ ձեռքիդ մէջ եղած առաջին քարը արձակես անոր վրայ, կրնայ պատահիլ, որ այդ քարը կեղտի տիղմին դիպչի, եւ բազմաթիւ սեւ կաթիլներով պատասխան ստանաս մաքուր զգեստիդ վրայ: Ցեխը, կեղտը, այսինքն աննկարագիր ու չար մարդը քեզմէ արագաշարժ է միշտ, եւ աւելի անխնայ կը վարուի յատկապէս մաքուր ու բիւրեղ հոգիով մարդոց հետ: Նախանձի թոյնին խտաստիճանը անոր մէջ շատ աւելի բարձր է, քան սովորական մարդոց մօտ: Ուստի, ծերունի բարեկամիս խրատը լսէ՛ եւ բնաւ քար մի՛ նետեր կեղտոտ հոգիով վրադ յարձակում գործող անձին ուղղութեամբ: Վստահ եղիր, որ անոր կեղտը մաքրամաքուր հագուստիդ վրայ կը ցատկէ: