ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- 11 Յունիսին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կէորկի Ծերեթելիի հետ, քննելով հայ-ատրպէյճանական՝ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։
Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ կողմերը նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Ատրպէյճանի եւ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին միջեւ կապերու զարգացման շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկեցին համագործակցութեան հեռանկարները: