ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոշած են մուտքի արտօնութիւն չտրամադրել Եւրոպայի խորհուրդի զեկուցող Թորհիլտուր Սունանի, որ սկզբունքով այս շաբաթ Ատրպէյճան պիտի այցելէր երկրին բանտերը գտնուող քաղաքական բանտարկեալներու հարցին մասին իր զեկուցումին համար շարունակուող քննարկումներուն համար։
Պաքուի իշխանութիւնները «ոչ նպատակայարմար» որակեցին այցելութիւնը:
«Հիասթափած եմ Ատրպէյճան իմ այցելութեան յետաձգումով։ Նպատկ ունէի երկրի իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերը քննարկել։ Իշխանութիւնները փոխանցեցին, որ այս օրերը յարմար չեն՝ տօներու պատճառով», գրած է Սունան, յոյս յայտնելով, որ Սեպտեմբերին առիթ կ՛ունենայ իր քննարկումները շարունակելու Ատրպէյճանի մէջ։