ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Rock Aid Armenia բարեգործական նախագիծի 30ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած աշխարհահռչակ երաժիշտ, Deep Purple-ի գլխաւոր երգիչ Իէն Կիլըն յայտնեց, որ այս նախագիծը իրեն համար խիստ անձնական բնոյթ ունի:
«Ես դարձեալ այստեղ եմ: Այս ծրագիրը ինծի համար շատ անձնական փորձառութիւն է, որովհետեւ երբ 1990ականներուն մարզահամերգային համալիրին մէջ համերգ կու տայինք Black Sabbath-ի կիթառահար Թոնի Այոմի եւ նախագիծի հիմնադիր Ճոն Տինի հետ, այդ ժամանակ տեղեկացանք Սպիտակի ողբերգական երկրաշարժին մասին եւ մեծապէս ազդուեցանք: Շատ ազդեցիկ նկարներ կային այդ ողբերգութենէն. լաւ կը յիշեմ պատկեր մը, որուն մէջ ծեր կին մը ձեռքին կը պահէր իր ընտանիքի 28 անդամներու լուսանկարը, որոնցմէ միայն ինք կենդանի մնացած էր»:
Ըստ Կիլընի՝ իրենք որոշեցին, որ երաժշտութիւնը լաւագոյն միջոցը կրնայ ըլլալ վերակենդանացնելու աղէտի գօտին, եւ այդպէս ալ եղաւ: Յայտնի երգիչը միացաւ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցի վերականգնման աշխատաքներուն եւ երաժշտութիւնը իր լաւ դերը կատարեց վերականգնման գործընթացին մէջ:
Rock Aid Armenia բարեգործական ծրագիրի 30ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին բոլոր տոմսերը արդէն վաճառուած են: Աշխարհի տարածքին Smoke on the Water երգը դարձեալ պիտի վերահրապարակուի եւ անոր եկամուտները պիտի ուղղորդուին Գիւմրիի դպրոցին անհրածեշտ երաժշտական գործիքները ամբողջացնելու նպատակով: