ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գ.
Ալքոլը վնասակար է մեր առողջութեան:
Ալքոլը կը պատրաստուի շաքար պարունակող պտուղներու եւ կարգ մը բանջարեղէններու քացխացումով: Անիկա կը պատրաստուի նաեւ արհեստականօրէն եւ քիմիականօրէն:
Ալքոլը բժշկութեան մէջ կը գործածուի որպէս հականեխիչ (antiseptic), թմրեցուցիչ եւ զովացուցիչ:
Ոգելից խմիչքները բոլորն ալ ալքոլ կը պարունակեն տարբեր համեմատութիւններով: Ալքոլ պարունակող խմիչքներուն 45 տոկոսը ուիսքի եւ նմանօրինակ հեղուկներ են (spirits), 34 տոկոսը գարեջուրն է եւ 12 տոկոսը գինին է:
Ալքոլը կը գործածուի իբրեւ ոգելից ըմպելի զանազան առիթներվ:
Ալքոլը խմելէ անմիջապէս ետք, անոր 20 տոկոսը կը ծծուի ստամոքսի պատերուն կողմէ, իսկ 80 տոկոսը՝ բարակ աղիքներու պատերուն: Ծծուելէ ետք ալքոլը կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնի ուղեղ ու լեարդ: Լեարդին մէջ ալքոլը կ՛այրի 90 տոկոսի համեմատութեամբ եւ կ՛արտադրէ ջերմուժ (calory) իսկ մնացեալ 10 տոկոսը կ՛արտաքսուի երիկամներէն եւ թոքերէն. ուստի անիկա նկատուած է իբրեւ սնունդ, սակայն՝ վնասակար սնունդ:
Քիչ քանակութեամբ խմուած ալքոլը՝
- Կը գրգռէ սիրտին մկանները, կ՛աշխուժացնէ սիրտին գործունէութիւնը եւ կ՛արագացնէ սիրտին զարկը.
- Կը նպաստէ ախորժակի եւ տրամադրութեան բարելաւման. խմողը կը դառնայ հաճոյալի, ուրախ տրամադրութեամբ, զուարթ եւ աւելի ընկերային.
- կ՛ուժեղացնէ սեռային փափաքը (sex desire) եւ մղումը:
Ընդհանրապէս մարդիկ քիչով չեն գոհանար, ընդհակառակը կը չափազանցեն, կը խմեն մեծ քանակութեամբ ալքոլ, հետեւաբար կ՛ունենան վատառողջ վիճակներ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւններ: Ուրեմն, մեծ քանակութեամբ խմուած ալքոլը կը յառաջացնէ հետեւեալ վնասները եւ հիւանդագին երեւոյթները.
- Ուղեղի բջիջներու վնաս, ուղեղի գործունէութեան դանդաղացում.
- Սիրտի մկաններու գերգրգռութիւն (hyperirritation), ապա տկարացում, սիրտի զարկի (heart beat) նուազում եւ դանդաղում.
- Ստամոքսի խոց (ulcer).
- Լեարդի հիւանդութիւններ, լեարդի փճացում, լեարդաթորշում (cirrhosis).
- Շարոյրի (pancreas) հիւանդութիւն եւ փճացում.
- Սեռային յարաբերութեան (sexual intercourse, sexual contact) տկարացում եւ անկարողութիւն։
Մեծ քանակութեամբ եւ յաճախակի ալքոլի սպառումը պատճառ կը դառնայ ալքոլամոլութեան (alcoholism): Ալքոլամոլութիւնը լուրջ, երկարատեւ ու քանդիչ հիւանդութիւն մըն է: Ալքոլամոլը (alcoholic) կը զարգացնէ իր մէջ ալքոլի հանդուրժողականութիւն (tolerance) եւ ենթակայութիւն (dependency): Ան կ՛ունենայ ջղային-նեարդային (nervous) դրութեան (system) տկարացում, ախորժակի նուազում, մարմնական-ֆիզիքական ընդհանուր տկարացում, յոռի սննդառութիւն եւ կշիռքի կորուստ:
Ինքնաշարժի վարորդներ ալքոլի գործածութեամբ ենթակայ կ՛ըլլան զանազան աստիճանի արկածներու: Գանատայի մէջ արտօնուած արեան ալքոլի քանակաչափը 0.08 կրամ է իւրաքանչիւր 100 միլիլիթր արեան մէջ: Երբ ալքոլի քանակաչափը հասնի 0.15ի անհատը կը դառնայ անհաւասարակշիռ, անհամակարգ եւ աններդաշնակ: 0.15-0.3ի պարագային, անհատը կ՛ունենայ ջղային-ուղեղային թունաւորում, զառանցանք (dilirium), իսկ 0.3-0.4ի պարագային՝ անգիտակցութիւն (unconciousness) եւ մահ:
Յղութեան շրջանին խմուած ալքոլը մօրմէն կ՛ուղղուի դէպի սաղմ (fetus) փառի (placenta) միջոցաւ: Ուստի, ալքոլը կը հասնի սաղմի ուղեղը եւ կը յառաջացնէ ուղեղի բջիջներու վնաս-տկարացում: Հետեւաբար, յղի մայրեր բնաւ ալքոլ պէտք չէ գործածեն:
Ըստ Գանատայի Առողջապահական գործակալութեան՝ Գանատայի մէջ 2017ին 77,000 անհատներ հիւանդանոց մտած են ալքոլի գործածութեան պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններով: Պատահած են 4258 մահեր ալքոլի պատճառով: Մահերուն 2 տոկոսը հետեւանք է ալքոլի գործածութեան:
Ըստ Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան՝ ամբողջ աշխարհի մէջ, տարեկան կը պատահին 3 միլիոն մահեր ալքոլի գործածութեան իբրեւ հետեւանք: Մահերուն 6 տոկոսը ալքոլին իբրեւ հետեւանք է: Երեք միլիոն մահերուն 28 տոկոսը պատահած են ալքոլ գործածելէ ետք ինքնաշարժներու արկածներոով: Այս արկածները կը պատահին, որովհետեւ ալքոլ գոծածելէ ետք ինքնաշարժ վարողները արագ կը քշեն, ապահովութեան աթոռագօտին (seat belt) չեն կապեր, սխալ ինքնավստահութեան զգացում կ՛ունենան, օրինաւոր քշելու կարողութիւնը կը կորսնցնեն, ղեկավարելու տկարութիւն, կեդրոնացումի նուազում եւ գլխու ծանրութիւն ու գլխապտոյտ կ՛ունենան, անզուսպ, ջղագրգիռ եւ անհանդարտ կ՛ըլլան:
Ծխախոտը ալքոլի նման վնասակար է մեր առողջութեան:
Ծխախոտը կը գործածուի որպէս գլանիկ (cigaret), սիկար եւ ծխամորճ (pipe):
Ծխախոտին ծուխին մէջ կան 4000էն աւելի քիմիական նիւթեր, որոնցմէ 250ը վնասակար են եւ 50ը խլիրդ կը յառաջացնեն: Այս նիւթերուն կարեւորագոյններն են՝ նիքոթին (nicotine) բնածուխի միաթթու եւ կուպր (tar):
Նիքոթինը կը յառաջացնէ՝
- Սիրտի մկաններու գրգռութիւն եւ պրկում, սիրտի զարկի (heart beat) արագացում եւ մկանային ձախողութիւն.
- Սիրտի զարկերակային (arterial) խցում (obstructioն), սիրտի տագնապ (heart attack) սիրտի ձախողանք.
- Մարմինի ընդհանուր զարկերակներու խցում.
- Սրունքներու զարկերակներու խցում.
- Ուղեղային զարկերակներու խցում՝ ուղեղային կաթուած (stroke).
Կուպրը ունի իր մէջ խլիրդածին-քաղցկեղածին նիւթեր (cancerogenic): Անիկա կը յառաջացնէ.
- Թոքային հիւանդութիւններ՝ ցնցղատապ (bronchitis), փքուռոյց (emphysema) ժամանակաւոր եւ մնայուն երկարատեւ շնչահեղձութիւն:
- Թոքերու խլիրդ-քաղցկեղ (cancer).
- Խռչափողի (larynx), ձայնալարերու ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.
- Շրթունքի, լեզուի, բերանի, լինտի եւ կոկորդի խլիրդ։
Ծխախոտը կը յառաջացնէ այլ վնասներ եւ հիւանդութիւններ: Անիկա կ՛արագացնէ շնչառութիւնը, կը գրգռէ ջղային-նեարդային համակարգը, կը բարձրացնէ արեան-զարկերակային ճնշումը (blood pressure), կը նուազեցնէ ուտելու ախորժակը, կը յառաջացնէ գլխու ցաւ, գլխապտոյտ (vertigo), փսխունք, բերանի չորութիւն, վատառողջ ակռաներ, լինտերու եւ լեզուի բորբոքում, քիթի եւ քիթի խոռոչներու (nasal sinuses) հիւանդութիւններ, ենթաստամոքսային գեղձի, որկորի (esophagus), միզամանի (urinary bladder) եւ երիկամի (kidney) խլիրդ (cancer):
Ծխախոտի գործածութեամբ յղի կիներ կ՛ունենան վաղահաս (premature) եւ մեռելածին ( stillbirth) մանուկներ եւ աւելի շատ վիժումներ (abortion):
Կան գործօն եւ կրաւորական ծխողներ: Գործօն ծխողները անոնք են, որոնք ծխախոտ կը գործածեն, իսկ կրաւորական ծխողները անոնք են, որոնք կը գտնուին ծխողներու մօտ կամ կ՛ապրին անմիջապէս անոնց հետ. անոնք կը վնասուին իրենց քով գտնուող ծխողներու ծուխէն:
Ծխելը մոլութիւն (addiction) է եւ ոչ թէ սովորութիւն (habit): Երկարատեւ ծխողը կ՛ունենայ ծխելու ենթակայութիւն:
Ըստ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան՝ ամբողջ աշխարհի մէջ տարեկան 7 միլիոն մահեր կը պատահին ծխախոտի պատճառով. անոնցմէ 6 միլիոնը ծխողներ են իսկ 1 միլիոնը չծխողներ են, սակայն ենթակայ են ծխախոտի անմիջկան ծուխին:
Ըստ Գանատայի Առողջապահական գործակալութեան տուեալներուն՝
- Գանատայի մէջ պատահած մահերուն 17 տոկոսը հետեւանքն է ծխախոտի գործածութեան.
- Գանատայի մէջ ամէն օր 100 գանատացիներ կը մահանան ծխախոտի սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ թոքային խլիրդէն ու այլ հիւանդութիւններէ.
- Թոքի խլիրդներուն 90 տոկոսը ծխախոտի պատճառով տեղի կ՛ունենայ:
Այս բոլոր գիտելիքներուն փոխանցումէն ետք, պարտք կը զգամ ըսելու չափահասներուն՝ մի՛ ծխէք եւ ալքոլ շատ չափաւոր սպառեցէք՝ վասն ձեր առողջութեան:
(Շար. 3 եւ վերջ)