ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հեռաձայններու եւ հաղորդակցութեան այլ եւ այլ միջոցներու չգոյութեան ժամանակաշրջանին, լեռնէ-լեռ կամ փողոցէ-փողոց իրարու ձայն տալու համար մարդիկ կը պոռային: Մունետիկներու ընտրութեան պարագային, բնականաբար բարձր ձայն ունեցողները նախապատիւ կը համարուէին, յաջողցնելու համար այդ նպատակին իրագործումը՝ լուրի մը շուտափոյթ տարածումը տուեալ քաղաքին, գիւղին, կամ թաղամասին մէջ:
Մարդկային ձայներէն բացի, կենդանական աշխարհը ձայնային անկախ համակարգ մը կը ներկայացնէ, իւրաքանչիւր կենդանիի համար որոշուած բազմատեսակ հնչիւններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անունը ունի խօսակցական լեզուներուն մէջ:
Անասուններուն տրամադրութեան համաձայն անոնց ձայնային հնչիւնները կը փոխուին, ուրախութեան, ցաւի, կատաղութեան կամ իրենց ձագերուն ընծայած խնամքի տարբեր պահերուն:
Ընկերաբանութեան կողմէ արձանագրուած վարկածները բանական մարդ էակին խօսելու կարողութեան մասին, նախ անոր կողմէ արտաբերուած ձայնը կը դնեն իբրեւ սկիզբ խօսքի: Ուրեմն մարդը խօսելու ունակութիւնը ունենալէ առաջ, ձայնային ելեւէջներով արտայայտած է ինքզինք, փորձ կատարելով բացատրել այն ինչ որ կը մտածէ, կամ այն ինչ որ կ՛ուզէ ընել այդ պահուն: Բնականաբար իր կատարած շարք մը արարքներուն համար, իր նմանին օժանդակութեան կարօտ էր ան:
Նիւթական աշխարհը իր բոլոր տարրերով, կարծր կամ փափուկ նիւթերով, կը կազմէ ստեղծագործութեան բնակելի հարթակը, որուն վրայ իր կեանքը կառուցեր է աստուածաստեղծ մարդը: Հողը արդիւնաբեր այն նիւթն է, որ իր հերթին կեանքի շարունակականութիւնը կ՛ապահովէ այս աշխարհի վրայ, ծլեցնելով բոլոր ծառերն ու ծաղիկները, բանջարեղէններն ու հացահատիկի տեսակները:
Աստուծոյ ձեռքին մէջ հողը նաեւ ծնուցիչը եղաւ մարդուն, երբ հողէն արարեց Ան, իր նմանութիւնը ունեցող մարդը: Հողին տրուած այս առանձնաշնորհը կարելի չէ՛ անտեսել, ո՛չ ալ մոռնալ զայն, երբ նոյնիսկ մեր ոտքերուն կոխան կը դառնայ ամէն օր, ճամբաներուն վրայ կամ այգիներուն մէջ: Հողը ունի իր արժանապատուութիւնը եւ կրնայ բողոքել մեզի դէմ Աստուծոյ քով, եթէ անարգական վերաբերում ցուցաբերենք իրեն նկատմամբ:
Այս խոր մտերմութիւնը հողին եւ մարդուն միջեւ, որ մինչեւ անհաշիւ դարեր ետ կը տանի ժամանակը, անընդհատ շարունակուած է մինչեւ այսօր: Ամէն մարդ հող կը սիրէ: Երկիր, պետութիւն, ցեղ կամ ազգութիւն, նոյնիսկ ընտանիք եւ մարդ անհատ, հողի տիրանալու, զայն իւրովի սեփականացնելու, երբեմն նոյնիսկ ուրիշէն յափշտակելու ցանկութեամբ լեցուն սիրտ կ՛ունենայ:
Պատերազմներուն մեծ մասը հողի համար մղուած պայքար է: Աստուածաստեղծ այս Երկիր մոլորակին այս կամ այն կողմը գտնուած հողակտորներուն տրուած հայրենիք անունը, որ տուեալ ժողովուրդի նախահայրերուն արեամբ գնուած է, սեփականութեան եւ պատկանելիութեան զոյգ զգացումներով կը ճշդէ սահմանները այդ հայրենիքին, որուն հողը ոռոգուած է անոր ազատագրման համար իսկ նահատակուած զաւակներու արիւնով:
Միւս կողմէ, ընտանեկան ամէնէն հարազատ միջավայրին մէջ եւս, հողը փոխանակ բոլորը միացնելու եւ մէկ գետնի վրայ հաւաքելու, կը դառնայ խռովութեան ու կռուի պատճառ, երբ հարազատներէն մէկը կամ միւսը փորձէ աւելի ընդարձակ բաժնի տիրանալ, հօրենական կտակի գործադրման կանոնները խախտելով:
Հողը, ի զարմանս շատերու, ձայն ունի: Ոմանք ուղղակի եթէ ուզեն հասկնալ անոր ձայնին հնչեղութիւնը, կրնան ականջ տալ սահանքներու կամ երկրաշարժներու պատճառած փլուզումներու վախազդու խուլ ձայներուն, իսկ անոնք որոնք փոխաբերական իմաստով ուզեն հասկնալ հողին ձայնը ու մանաւանդ լսել զայն, պէտք է լայն բանան իրենց իմացական ու հոգեկան ականջները իրենց պատմութեան եւ անկէ եկող անկորնչելի անցեալի դրուագներուն:
Հողը կը կանչէ, այսինքն կը հրաւիրէ: Անոր հրապոյրը շատ աւելին է քան որեւէ նիւթի հրապոյրը, թանկարժէք մետաղներէն սկսեալ մինչեւ ահագնացող գումարները, որոնք եթէ ինքնանպատակ ըլլան, ապարդիւն կը մնան, ինչքան ալ բարձր արժէք ներկայացնեն:
Հողին ձայնը բարձրախօսներով լսելի չի՛ դառնար, ինչքան ալ արդիական տեսակի ձայնի սարքաւորումներով օժտուած ըլլայ սրահ մը: Անոր ձայնը ճառախօսներու երբեմն պոռոտախօս արտայայտութիւններուն միջոցաւ ընդհակառակը սխալ տպաւորութիւն ալ կը գործէ լսողին վրայ: Հողը ի՛նք պէտք է կանչէ, ի՛նք պէտք է խօսի, ի՛նք պէտք է շշնչայ, երբեմն պոռայ ու բարկանայ: Անոր կանչը ուղղակի լսելի պէտք է դառնայ իրեն պատկանող մարդու հոգիին: Հայրենիքի հողն է այդ ոյժը եւ հզօր ձայնը ունեցող իրականութիւնը որեւէ ազգի զաւակներու կեանքին մէջ:
Հողին ու մարդուն այս մտերմութիւնը առ յաւէտ է: Եթէ մարդը հող կը սիրէ, փոխադարձաբար հողն ալ մարդը կը սիրէ: Ամէն ինչ կեանքի մէջ փոխադարձ կախումնաւորութիւն ունի: Աստուած եւ մարդ, մարդ եւ իր նմանը, երբեմն նկատելի է նաեւ մարդոց բացայայտ սէրը կենդանիներու հանդէպ, որ գուրգուրանքի ձեւի տակ արտայայտութիւն կը գտնէ:
Ամէնէն խոր մտերմութիւնը մարդուն եւ հողին միջեւ սակայն, կու գայ մարդուն հողայնական ճակատագրէն: Մարդը ինչքա՜ն սիրէ հողը, ինչքա՜ն կռուի ատոր համար, ինչքա՜ն ընդարձակ տարածութիւններու տիրանայ, ինչքա՜ն մեծ բաժին յափշտակէ ուրիշներէն, դարձեալ հազիւ երկու մեթր երկարութեամբ եւ մէկ մեթր լայնութեամբ տարածութիւն ունեցող հողն է որ պիտի գրկէ զինք, մի քանի բահ հողով ծածկելու համար անոր հողեղէն մարմինը, միախառնելու համար զայն իր հողային էութեան:
Մարդուն եւ հողին մտերմութիւնը այնտեղ իր ամբողջացումը կը գտնէ, ո՛չ թէ իր սեփականացուցած հողին վրայ կառուցած բնակարանին մէջ: Բոլոր տեսակի տուները, սկսեալ հողաշէն եւ ցեխապատ հիւղակներէն, չեն կրնար մնայուն կամ տեւական մտերմութիւն ստեղծել մարդուն հետ: Նոյնիսկ իր հողեղէն մարմնին հետ յաւիտենական մտերմութիւն չի՛ կրնար ունենալ մարդը, որովհետեւ կու գայ օր մը, երբ ստիպուած այդ «բնակարան»ն ալ կը թողու ու կը հեռանայ: Սակայն վերջին բնակարանը՝ մահուան փոսը կամ գերեզմանը, որուն մէջ մարդուն աճիւնները կը հանգչին, զանոնք հողի վերածելով յաւերժական մտերմութիւնը կը ստեղծէ մարդուն հետ:
Վերջապէս՝ հողը կը կանչէ…:
Չկայ մարդ որ իր ականջները փակելով հողի ձայնին, կրցած ըլլայ փրկուիլ անոր յաւերժական մտերմութենէն: Հողայնութիւնը մեր հողային իսկութեան բարացուցիչ է: Հողին ձայնը երբ վերջին անգամ լսես, ակամայ պիտի պլլուիս անոր վիզին, յաւիտենական երանութեան հոգեղէն արշալոյսը դիմաւորելու համար: