ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Վերելակի պղնձեայ դռները կը բացուին եւ չորս աշակերտներ կը յայտնուին հիւրանոցի ընդունարանին մէջ: Բոլորն ալ պատրաստ կ՛երեւին՝ լուսանկարի մեքենայ, գլխարկ եւ հանգիստ կօշիկ…
– Պարոն մինչեւ նախաճաշ կը վերադառնա՞նք:
– Աւօ, կախում ունի ձեր քալելու արագութենէն:
Նախ կ՛ուղղուինք Կարապի լիճ: Դատարկ են Սայաթ Նովայի մայթերը: Մեր առաջին «բարի լոյս»ը նարտի խաղացող վառորդներուն կու տանք.- «…Ձեզ էլ բարի լոյս: Է՞սօր ուր էք գնում…»:
Այսօր, որոշած ենք երկու արձաններ այցելել ու երկու մեծ հայերու բարեւ տալ: Տէրեանէն ձախ, եւ ահա մեր առջեւն է Կարապի լիճը ու անոր եզրին տեղադրուած Առնօ Պապաճանեանի արձանը:
Փաթիլը եւ Պերճուհին կը սկսին զայն անմիջապէս լուսանկարելու: Իսկ Ժիրայրն ու Աւօն զարմանքով կը նկատեն անոր մատները՝ խոշոր, չափազանցուած: Երբ արձանագործի խօսքերով կը մատուցեմ այդ մատներուն մեկնութիւնը, «մատ» բառի մանրապատումն ալ դուրս կ՛ելլէ պատմութեան գրպաններէն: Մեր ամէնէն գործունեայ եւ բազմատաղանդ բառերէն մէկն է անիկա, ինչպէս հայկական դարձուածքը կ՛ըսէ. «Տասը մատին տասը մատանի»: Անիկա մագլցեր է գրական բարձունքներ, հպեր է հոգեւոր բանաստեղծութեան եւ զարկեր է հայկական քնարի լարերուն:
Բոլորը, յարգելի ընթերցող, դուք քիչ վերջ կը կարդաք, բայց հիմա վերադառնանք Պապաճանեանի մատներուն:
– Հաւաքուեցէք վայրկեան մը…: Աշակերտնե՛ր, Դաւիթ Բեջանեանի կարծիքով, այս մատները ընդգծուած պէտք է ըլլային: Ըստ անոր՝ երաժիշտի մատները բանուորի կամ հասարակ քաղաքացիի մատներ չեն: Անոնք կախարդական մատներ են… Շարունակեցէք լուսանկարել, յետոյ կ՛երթանք Պանթէոն եւ բարեւ մըն ալ կու տանք Կոմիտաս վարդապետին:
Բնական է, որ առաջին անգամ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ սկսած ըլլան «մատ» բառի մատնածայրերէն լոյսեր ծորելու: Անոր 480 գործածութիւնը նկատի ունիմ (կասկած չկայ, թէ Աստուծոյ մատը կար այդ գործին մէջ): Այն ժամանակ բառը «մատն» էր, մատ մը աւելի երկար՝ աշխարհաբար «մատ»էն: Առաւելաբար, հոն առեր է դաւաճանութեան երեք ձեւ՝ մատնել, մատնիչ, մատնութիւն:
Յարգելի ընթերցող, Սուրբ Գիրքին մէջ «մատն» բառի յիսուն գործածութեան դիմաց, «մատնել» բայը կը յայտնուի 418 անգամ: Բայց, պէտք է նաեւ յիշել, թէ անիկա շատ անգամ իբրեւ սուրբի ճկոյթ, դարձաւ վանքի անուն: Ամենահինը Արցախի մէջ է, Ծիծեռնավանք կամ Մատնեվանք: Այդպէս է կոչուած, երբ մելիք Թումանը հոն ամփոփեր է Պետրոս առաքեալի ճկոյթը՝ այսինքն ծիծեռնը: Աւելի մեծը Սասունի մէջ էր, Ս. Պետրոս Առաքեալի վանքը, յայտնի՝ իբրեւ նաեւ Մատնեվանք, Մատին Առաքեալ կամ Ճկութի Սուրբ Պետրոսի, որովհետեւ, ըստ Սիմէոն Լեհացիի, «…ուր կայ Պետրոս առաքելոյն մատն»: Մէկ այլ Մատնեվանք կայ Վանայ լիճի հիւսիսային կողմը, Խլաթ քաղաքէն մէկ ժամ հեռու: Ձորամիջի վիմափոր վանք է, հիմնուած՝ Թադէոս առաքեալի կողմէ ու այդպէս է կոչուած, երբ Հայր Աստուած իր մատով ցոյց տուեր է վանքի շինութեան տեղը:
«Մատ»ը ունեցաւ նաեւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ փոքր քանակութիւն, փոքրահասակ, աննշան, չնչին եւ միջամտութիւն (ինչպէս՝ «Աստուծոյ մատը»): Ուստի մեր մայրենին հարստացաւ «մատի չափ երեխայ», «մատ մը հացով կշտանալ», «նախախնամութեան մատը», «մատի չափ արժէք չունենալ» արտայայտութիւնները: Իսկ մեր լեռնաշխարհին մէջ մատնանշեցինք «լեռնամատներ», այսինքն՝ լերան ճիւղաւորումներ: Ունեցանք նաեւ խիստ պատկերալից դարձուածքներ՝ «վաստակել մատամբք»՝ արհեստով դրամ վաստկիլ, «մոռացկոտաց զմատն կապել»՝ խոստում տալ, «դնել մատունս ի վերայ բերանոյ»՝ լուռ մնալ, «մատն լինել իւրեանց արծաթոյն»՝ մսխել, «մատ թափ տալ»՝ սպառնալ, «մատունք նուագարանաց»՝ ստեղնաշար, «մատներու վրայ խաղացնել»՝ ճարպիկօրէն խաբել, մոլորեցնել, «մատը հոտուըտալ»՝ գուշակել: Իսկ ո՛չ մէկ մարդ պիտի ուզէր, որ իր արարքները հասարակութեան համար «մատի փաթթոց» դառնային…: Դուք կը հաւատայի՞ք, որ մատի չափ միավանկի մատնածայրէն հոսէր յիսուն բառ: Խարխափենք ձեռքի մը մատներուն չափ բառեր. հարսնամատ, մատնադրոշմ, մատնաշուրթն, մատնաչափ, մատնացոյց, շալակամատն, սանդղամատն, վարդամատն, տիրամատնիչ եւ քաջամատն:
Իսկ, ե՞րբ է, որ նրբացան մեր մատները, չէ՞ որ լեռնաշխարհի լեռնամարմին ժողովուրդի հողամշակ մատները կոշտ կ՛ըլլան: Սրբամատն, քնարամատն եւ հնարամատն հայ քերթողներու շնորհիւ է, անկասկած (…յարգելի ընթերցող, այս երեք բարդութիւնները գոյութիւն չունէին մեր լեզուին մէջ, ուստի յօդուածին համար պէտք եղաւ հնարել), որ անիկա դարձաւ բանաստեղծական, բուժիչ երբեմն, գուրգուրացող շատ անգամ:
Առաջինը Գրիգոր Նարեկացին էր: Անոր մատնահետքերը կը գտնենք «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ՝ «նախախնամող մատ», «Առ բժշկութիւն անողջանալի խոցուածոյս՝ մատն քո», «մատն ամենամերձ», «մատն չարի» եւ «զհողանիւթ մատունս անմաքուր ձեռացս»:
Հազար տարի անց, Ռաֆայէլ Պատկանեանի գրիչին տակ, մատը դարձաւ ազատագրական գաղափարի շարժիչը.
«Գուսա՛ն, ձեռքդ առ քու մունջ փանդիռը,
Տասը լարերի վրայ մատներդ տա՛ր, բե՛ր.
Շարժէ թշնամու դէմ մեր գրգիռը,
Իսկ դէմ հայերիս շարժէ գութ ու սէր»:
Իսկ Ռուբէն Սեւակի համար սփոփանք էին սիրականի մատները.
«Մօտեցուր մանր մատներդ մանկական
Տաք կոպերուս, տաք կոպերուս դժոխքին»:
Եղիշէ Չարենցի «Իրիկուն Է, Քո՛յր, – Աչքերդ Փակի՛ր…» քերթուածին մէջ սրբացան անոնք. «Դիր մատներդ կոյս՝ աչքերիս վրայ… Դի՜ր մատներդ լոյս՝ աչքերիս վրայ… Մահու պէս քնքոյշ դի՜ր մատներդ սուրբ»: Մինչ, Վահան Թէքէեանի համար անիկա գաղտնաբար ետ դարձող յիշատակ էր. «Երեսէս ալ կ՛անցնին կարծես մատներդ անտես»: Իսկ օր մը, Վահագն Դաւթեանին թուաց, թէ քամիներ կու գան ու ճակատին վրայ քնքուշօրէն կը դնեն սիրուհիի «բարալիկ ու զով մատների հրաշքը տխուր»: Մատները ո՞րքան կրնան սփռուիլ: Պատասխանը եկաւ Յովհաննէս Շիրազէն. «Բաւ է հայեր ցրուած մնաք մատներիս պէս»:
Թաքսի մը կը կեցնենք. «Բարեւ, Պանթէոն կ՛ուզենք երթալ: Հինգ հոգի կրնա՞նք նստիլ»: Վարորդը կը տեսնէ, թէ մեր աշակերտները մատի չափ են՝ ձեռքով մեզ ներս կը հրաւիրէ: Ոսկեմատ մահարձան մը, ճարտարապետ Գրիգոր Աղաբաբեանի եւ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի հրաշագործն է, որ մեզ կը գրաւէ:
Ահա կը մօտենանք անոր՝ պրոնզի վերածուած Կոմիտաս: Կը յիշէ՞ք, վարդապետին մշակած հարսանեկան երգերէն մէկը նուիրուած էր հարսնցու Սաթենիկին եւ անոր մատներուն. «Բարակ, նազուկ մատներդ, իստակ սիպտակ մարմար են»:
Ըստ երեւոյթին Պարոյր Սեւակն ալ երկրպագուն էր վարդապետին՛ մատներուն: Ան բանահիւսեր է հետեւեալ միտքերը.
«Մատներդ էին նուագում:
Քո մատնե՜րը…
Քո մատները՝ տաղաստեղծ:
Քո մատները՝ երգահան»:
Աշակերտները կը բռնեն անոր մատները, կը ստանան օրհնութիւն, ապա հրաժեշտ կու տանք:
– Բարեւ ձեզ, հինգ հոգի կր-նա՞նք նստիլ…: Շատ շնորհակալ ենք… Աւօ՛, տե՛ս, նախաճաշին պիտի հասնինք:
– Երէկ, պարոն, անանկ համով ձուածեղ կար, մատներս կերայ:
Թաքսիին մէջ կը լսուի Ռուբէն Հախվերդեանի «Բարի լուս տիկին Արուս»ը, ուր տանտիկինը ունէր գործունեայ մատներ.
«Բարի լուս, տիկին Արուս,
Քո լուացքը չորացել է…
Իսկ մատներդ շարունակ
Փորփրում են քո ձաւարը»: