ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ մասնակցութեամբ շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ), հանգանակային ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Մայիսի երեկոյան, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, ՀՅԴ շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Աբօ Փանոսեան, շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 200 ներկաներ, որոնք եկած էին զօրավիգ կանգնելու շրջանիս ՀԵԴի բանակավայր մը ունենալու նախաձեռնու-թեան:
Բարի գալուստի խօսքերով երեկոյթին բացումը կատարեց ու հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ՀԵԴի անդամներէն Սերուժ Փանոսեան, որ ըսաւ. «Այս երեկոն կարեւոր եւ մասնայատուկ երեկոյ մըն է զանազան պատճառներով. մեծ յաջողութիւն արձանագրեցինք բացումը կատարելով Հայ Երիտասարդաց Ճամբարին (ՀԵՃ), աւելի օգտակար դառնալով մեր երիտասարդներուն եւ մեր գաղութին: Ապագային մասին մտածելէ եւ պատասխան տալէ առաջ՝ կ՛ուզենք մի առ մի յիշել ճամբարին յաջողութիւնները: Առաջին տարին մենք սկսանք մեծ տեսիլքով, որ մեզի կը տանի աւելի հեռու ու բարձր մեր տուներէն եւ մեր դպրոցներէն, հեռատեսութիւն մը, որ կը հաւաստիացնէ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ ներառնել եւ լաւ ժամանակ ընծայել, որ կարեւոր է եւ նշանակալից մեր մշակոյթին ու աւանդութեան մէջ: Այս սրահին մէջ երիտասարդ թէ երէց, խորհրդական թէ օգնական, միասին գօտեպնդուինք եւ ապահովենք, որ ՀԵՃը շարունակէ գալիք սերունդներուն հետ: Ձեզմէ կախեալ է, սիրելի ներկաներ, այս ճամբարին ապագան։ Մենք ի վիճակի ենք նշանակալից ծրագիր մը տալու հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին: Ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս, ժամանակն է գօտեպնդուելու իբրեւ գաղութ։ ՀԻՄԸ ԴՐՈՒԱԾ Է,՛ ՀԻՄԱ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ»:

Նոր բանակավայրի գլխաւոր պատասխանատուներէն Մուշիկ Անտոնեան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ծրագիրը, Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ նոր բանակավայրի մը պահանջին նկատմամբ՝ մեր պարման-պարմանուհիներուն համար։ Մաշիկ Անտոնեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Անցեալ տարի ստեղծուեցաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ Հայ Երիտասարդաց ճամբարը: 2018ին առաջին անգամն ըլլալով շատ գեղեցիկ ճամբարի կեդրոն մը ապահովուեցաւ Եոսեմիթի շրջանի Փայնքրեսթ լիճի մօտակայքը: Սկզբնական շրջանին մենք կը սպասէինք ճամբարի 60-80 մասնակցողներ։ Հաստատ համոզումով եւ որոշ աշխատանքներ տանելով, ճամբարին մասնակցողներուն թիւը հասաւ 145ի, 35 խորհրդականներու եւ 4 վարիչներու, երկու շաբաթներու ընթացքին: Մինչեւ օրս, այս տարուան մասնակցողներուն թիւը հասած է 175ի, իսկ խորհրդատուներու թիւը անցած է 70ը»:
Մ. Անտոնեան, խօսելով շարունակուող զարգացումներուն մասին՝ ըսաւ. «Երեք ամիսներ մնացած են ճամբարին եւ տակաւին կը սպասենք, որ մասնակցողներուն թիւը հասնի 220ի, որ կրնայ նկատուիլ շլացուցիչ յաջողութիւն մը ու մեծ յաղթանակ մը: Ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել Հայ Երիտասարդաց ճամբարին նպատակը: Միայն Ուիլեըմ Սարոյեանի երկու խօսքերով, թէ՝ «Երբ երկու հայեր քով քովի գան աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը, պիտի վստահ ըլլաս, որ Հայաստան մը կրնան ստեղծել»: Հայ Երիտասարդաց ճամբարն ալ կ՛ամբողջացնէ՛ եւ կը ստեղծէ այդ առիթը, Ուիլեըմ Սարոյեանի երազ բանաստեղծութեամբ»:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պատգամը փոխանցեց Հայ Երիտասարդաց Ճամբարի յանձնախումբի անդամներէն Գրիգոր Տէր Աբրահամեան. ան խօսեցաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ նոր ճամբար մը սկսելու գաղափարին Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանի հայ երիտասարդները ներգրաւելու եւ ծրագիրը կատարելագործելու մասին: «Շատ կարեւոր է մեր երիտասարդները զբաղեցնել այս ճամբարի ծրագիրով, քանի որ անիկա կ՛օգնէ երիտասարդներուն՝ տալ այն զգացումը, որ մեր գաղութը պէտք ունի այս զարգացման։ Մեր մասնաճիւղին մէջ երբ կը խօսինք Հայ Երիտասարդաց Ճամբարին մասին, որոշ մարդիկ կ՛ըսեն. «Այդ բոլորը պզտիկներու մասին է»։ Ամէնէն մեծ խնդիրը, զոր հայ երիտասարդը կը դիմակալէ մեր գաղութին մէջ այն է, որ պահենք մեր կապը մեր մշակոյթին հետ, Սփիւռքի տարածքին: Դժբախտաբար ամէն պզտիկ հայկական դպրոց չի յաճախեր կամ գաղութի միութիւններուն իր մասնակցութիւնը չի բերեր, ինչպէս՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կամ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան: Այս ճամբարը պատասխանն է ոչ թէ միայն 8-17 տարեկան փոքրերուն համար, այլ խորհրդականներուն, որոնք պակասը կը զգան ժողովուրդին հետ հաղորդակցելու: Ստեղծելով այս յիշատակներն եւ կապերը, մեր պզտիկները կը մեծնան իրենց մէջ ունենալով այն կրակը, որ կը ստեղծէ նոր յիշատակներ եւ փորձառութիւններ գալիք սերունդներուն: Ինչպէս, որ նախկին սերունդը ինծի տուաւ այդ մղումը, նպատակը եւ պատկանելիութիւնը մեր մշակոյթին, նոյնպէս մեր նպատակն է այս զգացումները ներմուծել իրենց մէջ»:
ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէին կողմէ ելոյթ ունենալով՝ Րաֆֆի Խաչատուրեան ըսաւ. «Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանը ունեցած է եւ ունի ազգին նուիրեալ բազմաթիւ անհատներ։ Այսօր մեր մէջ կը գտնուի անձ մը, որ ունի իր իւրայատուկ տեղը մեր սիրտերուն մէջ։ Երէց տարիքով, բայց սիրտով միշտ երիտասարդ։ Անձ մը, որ բախտը ունեցած է անձամբ հանդիպելու Գարեգին Նժդեհին: Ճորճ եւ Մարի Աթաշքարեան ամոլը յարատեւ նեցուկ կանգնած է այս գաղութին, մանաւանդ ՀԵԴին եւ AYC-ի երիտասարդական բոլոր ծրագիրներուն։ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անունով մեր սրտագին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնենք այս ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար»:

Ապա Ր. Խաչատուրեան, մասնաւորաբար շեշտը դնելով գաղութի երիտասարդութեան բանակավայր մը ունենալու պահանջին վրայ, իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Նկատի ունենալով պակասը հայկական բանակավայրի մը Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ, 2018ի սկիզբը ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէն, հանդիպումներ ունենալով տեղւոյն փորձառու ընկեր-ընկերուհիներու հետ՝ որոշեց կազմակերպել շրջանիս առաջին հայկական երիտասարդաց բանակումը՝ AYC-ը, «Հայ Երիտասարդաց Բանակում» անուան տակ: 2018ի առաջին բանակումը եկաւ փաստելու, թէ մենք ճիշդ ուղիին մէջ ենք. բանակումին մասնակցեցան առաւել քան 145 փոքրիկներ՝ 8-16 տարեկան, ինչպէս նաեւ 30 պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիներ, որոնց մէկ մասը եկած էին Լոս Անճելըսի հեռաւոր շրջաններէն, բանակավայրի ընդհանուր պատասխանատուն էր ընկ. Մուշիկ Անտոնեան»:
Ապա Ր. Խաչատուրեան մասնաւոր գնահատական խօսքեր արտասանեց բոլոր ընկերուհիներուն ու ծնողքներուն, մանաւանդ ՀՕՄի ընկերուհիներուն, որոնք ստանձնած էին ճաշերու պատրաստութեան դժուար բաժինը:

Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Լոս Անճելըսէն մասնաւորաբար հրաւիրուած յայտնի սրնգահար Սալբի Գէրգոնեան նուագեց Կոմիտասէն, Սպենդեարեանէն եւ Շարլ Ազնաւուրէն երեք կտորներ, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։ Նաեւ, ՀԵ Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտի անդամները կատարեցին «Ղարաբաղ Իմ» երգը, իսկ ՀԵՃ անդամները ներկայացուցին ճամբարէն տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ:
Օրուան նուիրատուութիւններէն գոյացաւ առաւել քան 50 հազար տոլար:

