ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Լիբանանի մօտ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու 21 Մայիսի յետմիջօրէին, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մաման հանդիսացող Մարիա Ժաքոպսոնի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը՝ անոր դամբարանին դիմաց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեան, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը պատմական Ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հայութեան իւրայատուկ կեդրոններէն մէկուն մէջ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Մ. Ժաքոպսոնը, ապա անդրադարձաւ յայտագիրին:
Անկէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մ. Ժաքոպսոնի յիշատակին:
Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մօտ Դանիոյ դեսպան Մերեթ Ճուլ, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ինք կը գտնուի «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ՝ նշելու դանիացի մեծ մարդասէրին յիշատակը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան՝ այս գործակցութեան եւ նախաձեռնութեան համար: Դեսպանը շեշտեց, որ դանիացի Մ. Ժաքոպսոնի առաքելութիւնն էր՝ ստեղծել ընտանիք մը՝ առանց ընտանիքի մնացած փոքրերուն համար: Ան հազարաւոր հայ որբեր փրկեց եւ տեղափոխեց Լիբանան, անոնցմէ չորս հազարը տեղակայուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ: Մ. Ճուլ աւելցուց, որ Ժաքոպսոն հեռացած էր իր հայրենիքէն՝ երեխաներ փրկելու եւ նոյն ժամանակ անոնց ապաստան եւ կրթութիւն ապահովելու համար: «Թռչնոց Բոյն»ը հիմնուած է համերաշխութեան ոգիին վրայ, որ ստեղծած է այնպիսի պայմաններ, որոնք ծնունդ տուած են ինքնութեան, սիրոյ եւ միասնութեան: Այս կառոյցին մէջ որբերը դաստիարակուեցան եւ կոփուեցան դառնալու համար կղերականներ, բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, սակայն այս բոլորէն աւելի անոնք կազմաւորուեցան՝ լաւ մարդ ըլլալու համար: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ «Թռչնոց Բոյն»ը արդար կնոջ մը կողմէ կտակուած ժառանգութեան մը խորհրդանիշն է: Անդրադառնալով «Թռչնոց Բոյն»ի մեծ ընտանիքին, Մերեթ Ճուլ խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, որ Մարիա Ժաքոպսոն եւ որբերը միասնաբար ստեղծեցին անմոռանալի ու անբաժանելի ընտանիք մը:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիպէյլի քաղաքապետարանին՝ այս երեկոն կազմակերպելուն համար, համագործակցութեամբ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկայ գտնուող բոլոր դեսպաններուն եւ հիւրերուն:
Վ. Աթաբէկեան անդրադարձաւ Մարիա Ժաքոպսոնին, անոր օրով որբերուն կողմէ կառուցուած պարտէզին, նոյն ժամանակ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնելով դանիացի միսիոնարին տարած առաքելութեան համար: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման պիտի յիշէ այս նուիրեալ «մօր» տարած վեհ աշխատանքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը կարդաց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այդ տարածքը սրբավայր է հայութեան համար, որովհետեւ հոն ապաստանած եւ ապրած են Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած մեծաթիւ որբեր: Վեհափառ հայրապետը կը այտնէր, որ Մարիա Ժաքոպսոն այդ վայրը կոչեց «Թռչնոց Բոյն», ուրկէ դէպի կեանքի ուղին բռնած որբերը դարձան հայութեան համար պատուաբեր եւ հպարտութիւն ներշնչող անձնաւորութիւններ աշխարհի մէջ ո՛ւր ալ գտնուեցան: Ան ողջունելի նկատեց հայութեան վիշտը եւ արհաւիրքը կիսելու միտող այս նախաձեռնութիւնը՝ դիտել տալով, որ այդպիսով ցաւը կը վերածուի յոյսի: Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ Մարիա Ժաքոպսոնի յիշատակն ու պատկերը միշտ վառ եւ պայծառ պիտի մնան հայոց հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոր կատարած գործը նուիրական է: Ան դիտել տուաւ, թէ «Թռչնոց ԲոյնՄին եւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին խորհրդանիշը այն է, որ հայութիւնը կրցաւ ապրիլ, համերաշխութիւն սփռեց, հանդուրժողականութեան օրինակ դարձաւ եւ խաղաղութեան համար գործակցեցաւ բոլորին հետ:
Ապա դեսպանները՝ մօտենալով Ժաքոպսոնի դամբարանին, անոր յիշատակին ծաղիկներ զետեղեցին: Անկէ ետք բոլորը ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ուր ծանօթացան անոր տարբեր բաժանմունքներուն եւ ցուցադրուած նիւթերուն:
Պաշտօնական բաժինէն ետք դեսպանները եւ հիւրերը շրջագայեցան Ժիպէյլի մէջ եւ եղան Ժիպէյլի քաղաքապետութեան ընթրիքի հիւրը: