ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը պատրաստուի թուրք հաղորդավար Նիհաթ Հաթիպօղլուի դէմ պաշտօնական բողոք ներկայացնելու:
Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ թրքական կայանէ մը ուղիղ սփռումի մը ընթացքին հայ քրիստոնեայ, 13ամեայ Արթուրի կրօնափոխութեան հարցին, Փայլան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է. «Հանդիպեցայ Նիհաթ Հաթիպօղլուի կողմէ շահագործուած Արթուրի մօր (Ալինա Ենգիբարեան) հետ: Ան յայտնեց, որ տուեալ հաղորդման մէջ իր զաւակին ներկայութիւն առանց իր արտօնութեան եղած է: Պաշտօնական բողոք պիտի ներկայացնեմ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան՝ երեխաներու շահագործում իրականացուցած այս հաղորդումին դէմ»:
Յատկանշական է, որ հաղորդման ընթացքին Հաթիպօղլու յայտարարած էր, որ կրօնափոխութեան համար ստացուած է Արթուրի մօր համաձայնութիւնը։
Արթուրի ընտանիքը Թուրքիա տեղափոխուած էր 13 տարի առաջ։ Ըստ Արթուրի մօր հաստատումին՝ իր որդին եւ իրենց ընտանիքը քրիստոնեայ են: