ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սուրիական բանակը 9 Մայիսի առաւօտեան զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներէ ետք մուտք գործեց Համայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մատիք գիւղը, իր հակակշիռին տակ դնելով անոր միջնադարեան բերդը։
Այժմ սուրիական ուժերը կը շարունակեն յառաջանալ դէպի Իտլիպի հարաւը գտնուող Ճապալ Զաուիայի գիւղերուն սահմանակից Ճապալ Շահիհօ գիւղերուն ուղղութեամբ:
Մատիք գիւղաքաղաքին բերդը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը գտնուի բարձր բլուրի մը վրայ եւ հոնկէ կարելի է հսկել շրջանի գիւղերուն միջեւ երթեւեկը:
Շրջանը կը գտնուէր իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ, մինչ Ճապալ Շահիհոյի շրջանը կը գտնուի «Ճապհաթ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ: