
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան ահաբեկչական որակում տալու ջանքերը:
Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրզ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը ներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ:
Ասիական գործակցութեան համախմբումի ժողովին համար Քաթար այցելող Զարիֆ լրագրողներու յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները ուրիշները ահաբեկչական կառոյց յայտարարելու իրաւունք չունի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի շրջանի մեծագոյն ահաբեկիչին՝ Իսրայէլին»:
Ան յայտնեց, որ ներկայիս կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել ամերիկեան վարչակազմի ինքնագլուխ քայլերուն վրայ: «Ուժի մը կամքը մնացեալ ժողովուրդներուն պարտադրելը բոլորին համար գոյութենական վտանգի համազօր կը նկատուի», ազդարարեց ան:
Իր կարգին, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Թանի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգէ:
Ան յայտնեց, որ իրանեան քարիւղի ներածման համար տրուած յատուկ արտօնութիւններու ջնջումը վնաս պիտի պատճառէ իրանեան քարիւղէն կախեալ երկիրներուն