ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց գերմանական «Ֆրաունհոֆեր» արտադրական համակարգերու եւ նախագծային արհեստագիտութեանց հիմնարկութեան (Fraunhofer IPK) պատուիրակութիւնը՝ հիմնարկութեան նախագահութեան անդամ, Եւրոպական քաղաքականութեան եւ առեւտուրի զարգացման հարցերու տնօրէն Ենս Կիւնթեր Նոյկեպաուերի գլխաւորութեամբ:
Հայաստան այցելութեան վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր անցեալ տարուան Նոյեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահը Գերմանիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այցելած էր նաեւ «Ֆրաունհոֆեր» հիմնարկութիւնը եւ, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած էր նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:
Ենս Կիւնթեր Նոյկեպաուեր յայտնեց, որ Հայաստան կ՛այցելեն՝ հետեւելով նախագահ Արմէն Սարգսեանի կոչին: Ան նշեց, որ իրենք մեծ ներուժ կը տեսնեն Հայաստանի հետ զանազան ծրագիրներու իրականացման համար այնպիսի ուղղութիւններու վրայ, ինչպիսիք են թուայնացման միջոցով մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, վերամշակուող ուժանիւթը, արտադրական զանազան ոլորտներու մէջ արհեստական բանականութեան ներմուծումը եւ այլն:
«Ֆրաունհոֆեր» հիմնարկութիւնը մասնագիտացած է արտադրական գործընթացներու համար արհեստագիտական նորարար լուծումներու մշակման ոլորտին մէջ։ Անիկա ունի առաւել քան եօթը տասնեակ գիտահետազօտական կեդրոններ եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ: Հիմնարկութիւնը կը համագործակցի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկութեան՝ Մատենադարանի հետ, հնագոյն եւ միջնադարեան ձեռագիրներու թուայնացման եւ վերականգնման ծրագիրով: