ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ, մեր աշակերտները տախտակամածին վրայ նստած՝ դիտեցին երեք գլուխ գործոցներ եւ լսեցին անոնց հմայիչ պատմութիւնը: Ուսուցիչին ընտրած գեղապատկերներն էին անոնք՝ երկու Սուրէնեանց եւ մէկ Այվազովսքի: Իսկ այժմ խումբը կը սկսի հետեւելու պատկերասրահի ուղեցոյցին: Անոր տուած բացատրութիւններով երբ հայկական նկարչութեան մասին պատկերացում կ՛ունենանք, միտքին մէջ կը շրջանակուի նաեւ «պատկեր» բառին պատմութիւնը:
Յարգելի ընթերցող, թէեւ կարելի չէ ստուգել, թէ ո՛վ գծագրեց առաջին պատկերը, սակայն գիտենք, թէ գրաւոր հայերէնի մէջ անիկա նախ ցուցադրուեցաւ Աստուածաշունչի էջերուն վրայ, 73 անգամ: Ունէր աստուածային գեղեցկութիւն: Պատկերացում մը կ՛ուզէ՞ք ունենալ. ահա՛ քանի մը նմոյշներ. «հրաշափառ խորհրդոյ պատկեր», «պատկեր անչափագիր», «պատկեր պանծալի», «պատկեր անպարագիր եւ ճշգրիտ, ճշմարտատիպ, անբարբառ»… Տեսանք նաեւ աղօտ պատկերներ, տարտամ, ինչպէս «պատկերս վերջին հարուածոցն Երուսաղէմի», «պատկեր վշտաց», «ճշգրիտ պատկեր թշուառ մարդկութեանս»:
– Բարի էք եկել հայրենիք: Ազգային պատկերասրահի հայկական բաժինը, երեխէ՛ք, գոյութիւն ունի 1921 թուականից…:
Ըստ լեզուագէտներու պարթեւական ծագում ունի անիկա: Նախ եղեր է «պադկար», ապա «պատկար» կամ՝ «պահիկար»: Մեր հիները այսպէս սահմաներ են զայն. «Նմանութիւն կերպարանաց օրինակեալ՝ որպէսի հայելւոյ կամ նկարեալ, դրօշեալ, նմանութիւնն լինել սկզբնատիպին»: 5րդ դարուն բառը ակներեւ էր մատենագրութեան մէջ եւ ունէր պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «ընդ պատկերի», «պատկեր աւուրն», «գեղեցիկ պատկերաւ», «ի սոյն պատկեր»: 600ականներուն ան դարձաւ շարական. «Զորս ըստ պատկերի Քում ստեղծեր»: Աշոտ Պատրիկ Բագրատունին էր յօրինողը: Շարականին մէջ կ՛ըսուի, թէ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով: Շատ ժամանակ չանցաւ, որ բառը առնէ նոր դիմագիծ ու նշանակէ՝ երես, դէմք, տեսք, ճիւղ տան, պորտ, ինչպէս նաեւ՝ թատերական երկի գործողութեան մաս: Ապա յօրինուեցաւ «պատկերակազմ» բառը, որ յարմար եկաւ Աբգար թագաւորին, քանզի ան Յիսուսին «առաքեաց պատկերակազմ մի»: 7րդ դարուն ականատես եղանք սրբապատկերներու զարհուրելի կոտորածին: Երեւոյթը բացատրելու համար թարգմանեցինք յոյներու «իքոնոմախոս» գոյականը եւ ունեցանք «պատկերամարտ» գոյականը: 11րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին յօրինեց «պատկեր վշտաց դառնութեան», «ճշգրիտ պատկեր թշուառ մարդկութեանս», «պաշտեցեալ պատկեր» եւ «պատկեր մաքուր եւ անաղարտելի» արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածամօր նուիրուած հետեւեալ տողիկը. «Աղաչեմ զքեզ, սուրբ Աստուածածին, անշաղախ՝ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեակին բարձրութեան»: Իսկ 12րդ դարուն «պատկերապաշտ» պիտակուեցաւ ան, որ կ՛երկրպագէր սրբանկարին «առանց յարգելոյ զբուն սուրբսն»:
– Երէ՞կ էք եկել: Յոգնած չէք երեւում…: Բաժնի հաւաքածոներում պահպանւում է շուրջ եօթ հազար ցուցանմոյշ, որոնց կազմում են հին եւ միջնադարեան որմնապատկերների վաւերագրական պատճէններ եւ սրբապատկերներ:
Նոր դարերուն «պատկեր» բառը առաւ նոր դէմք, դարձաւ պատկերալից դարձուածք: Ամէնէն գեղեցկադէմը «վարդագոյն պատկեր» դարձուածքն էր, կեանքի յուսալի ընկալումը: Իսկ դուք, գեղեցիկ կի՞ն կ՛ուզէք նկարագրել, գործածեցէք «քաշուած պատկեր» կամ՝ «պատկերի պէս» դարձուածքը: Իսկ եթէ ձեր շուրջը կայ մէկը, որ դէմքի գծագրութենէն բնաւորութիւն կը գուշակէ, զայն կոչեցէք՝ պատկերացոյց: Յարգելի ընթերցող, հարստացաւ նաեւ «պատկեր» արմատի պատկերադարանը, ունեցաւ 90 բարդ բառ, ինչպէս՝ պատկերագեղ, պատկերախորշ, պատկերահանում, պատկերամոլ, պատկերատեաց, պատկերաքանդակ, պատկերակուռ, պատկերակոփ, անպատկեր, այրապատկեր, դի-ւապատկեր, հեռապատկեր: Անիկա նաեւ զարդարեց գիրքերու խորագիրները. «Աղօթամատոյց Պատկերազարդեալ», «Պատկերասէր Պատկերատեաց», «Պատկեր Տօնից Սուրբ Աստուածածնին», «Պատկերազարդ Այբբենարան», «Ջալալէդդին. Մի պատկեր Նրա Արշաւանքից», «Ղարիբ Մշեցին. Պատկեր Կ. Պոլիսի Հայ Պանդուխտների Կեանքից»:
– Այժմ կանգնենք Յակոբ Յովնաթանեանի ստեղծագործած դիմանկարների առջեւ: Դրանք ընդգծում են պատկերուածների անհատականութիւնը, նրանց ընկերային դիրքը՝ նրբաճաշակ մշակումով… (կ՛արժէ յիշել, թէ երբ հայ քնարերգակը գրիչով կատարեց այն, ինչը Յովնաթանեան յաջողած էր վրձինով, գոյացաւ «գրական պատկեր»ը)։
Պատկեր բառը ներշնչեց նաեւ հայկական քնարը ու գովերգեցինք եարի դէմքը: Նախ եկաւ Նահապետ Քուչակը.
«Աչերդ է ծովէն առած,
եւ ուներդ է ի թուխ ամպէն.
Այդ քո պատկերքդ սուրաթդ
ի վարդին կարմիր տերեւէն»։
Իսկ օր մը, գիշեր էր, Սարգիս Հալէպցին, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ ակնագործ, տեսաւ անզուգական մէկ պատկեր, մոմ վառած: Տաղասացը ոգեւորուեցաւ.
«Սիրուն, գեղեցիկ պատկեր,
հասակաւ տասնչորս ամաց,
թուխ մազերն է սիրուն, փայլուն,
երեսին վրայ է ցրուած»:
Հնչեցին նաեւ քամանչաները. «Պատկիրքըդ ղալամով քաշած, թահրըդ ռանգէռանգ իս անում», Սայաթ Նովա, «Բաժակիս մէջ միշտ տեսնում եմ վառ պատկերդ», «Վարդին նայում, քո պատկերն եմ ես տեսնում», Գուսան Աշոտ, «Քո լուսնակ պատկերիդ կարօտ եմ», Գուսան Շահէն, «Պատկեր սիրողն, տիպ բոլորակ», Պաղտասար դպիր, «Լուսնի պէս լուսեղէն պատկերդ գովեմ», Աշուղ Թիֆիլի: Վերջապէս յիշենք Աշոտ Գրաշիի հետեւեալ գովասանքը. «Պատկերիդ պայծառ կարօտ մնացի»: Ո՛չ, յարգելի ընթերցող, գեղեցկուհիի մը ուղղուած չէր այս վերջինը, այլ՝ Երեւանին:
Դանիէլ Վարուժան բաժանումի տխուր պատկեր մը ձգեց մեզի.
«Մեծ կարօտով կը փնտռեմ
«չքնաղ պատկերդ՝
լուսնի՜ ծնունդ»:
Նոյն ցաւը հառաչեց Վահան Տէրեան. «Իմ սիրոյ լոյսն էր պատկերդ վառ»: Իսկ օր մը Չարենց, ի՛նք դարձաւ պատկեր… իր մահուան օրը.
«Եւ գուցէ միայն սենեակում մի խուլ,
գլուխը թեքած պատկերիս վրայ՝
կը նայի մի կին աչքերիս տխուր,
եւ կ՛արցունքոտուեն աչքերը նրա»:
– Այժմ ուզում եմ ձեզ ցոյց տալ մի վերջին նկար… Հետեւեցէ՛ք ինձ:
Ցուցապատի մը վրայ յանկարծ կը յայտնուի մէկ պատկեր ու մեզ կը ստիպէ կանգ առնել պահ մը. Կոմիտաս վարդապետի պատկերն է անիկա, շփոթած, բարի, այլայլած, գեղադէմ: Սարգիս Մուրատեանի պատկերացումով յօրինուած՝ «Վերջին Գիշերը»: Կ՛անդրադառնանք, թէ «պատկեր»ը բառ չէ, ո՛չ ալ գիծ է եւ գոյն: Շրջանակե՞լ զայն: Անհնար է: Այդ խորհրդաւոր պահուն կը յայտնուի «պատկեր»ի իսկական խորհուրդը: Անիկա անբարբառ աչքերու մէջ թաքնուած յուշն է մեր, մեր երազանքները թերեւս, եւ այն բոլորը, զորս կը զգանք, բայց չենք ըսեր: