ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԵՒ ԱՒԵՏԻՍ ԺԱՄԱԳՈՐԾԵԱՆ
ՄԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ ՅԱՒԵՐԺ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հոն են անոնք, իբրեւ բարի յիշողութիւն եւ իբրեւ անաւարտ կեանքի երազ։
Մայր եւ որդի 60 օրերու ընթացքին, տարի մը առաջ, իրենց յաւիտենական հանգիստը գտան, Հոլիվուտի Forest Lawn գերեզմանատան բարձունքին։
Ամէն անգամ, երբ 134 մայրուղիով կ՛երթեւեկենք, ծառերու եւ սաղարթի շոշափիւնին ընդմէջէն կարծես ցած ձայնով կը փսփսան հարազատներուն՝ Միհրանին, Յովիկին, Ռոզմերիին, Նանորին, Սարինին եւ Միհրան կրտսերին, որ հոգ տանին ի վերուստ տրուած իրենց առողջութեան եւ շարունակեն ապրիլ ճիշդ այնպէս, ինչպէս աւանդութիւն էր դարձած Ժամագործեաններուն յարկին տակ եւ կը դրսեւորէր իբրեւ համակ հաւատք, ծով յոյս եւ անսահման սէր։
Հանգուցեալ մայր եւ որդի Մանուշակ եւ Աւետիս Ժամագործեաններուն մահուան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Մայիս 5, 2019ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի։