ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 6 Ապրիլին կազմուեցաւ «Կրթութիւն եւ համերաշխութիւն» անունով արհեստակցական միութիւնը, որուն կազմին մէջ են քանի մը նախաձեռնութիւններու անդամներ, դպրոցներու եւ նախակրթարաններու ուսուցիչներ:
Արհեստակցական միութիւնը նպատակ ունի վեր հանել կրթութեան ոլորտի հարցերը, օրէնսդրական բացերը՝ փորձելով մշակել իրաւակարգաւորման մեքենակառոյցներ:
Հիմնադիրներէն մէկը «Կրթական քաղաքացիական նախաձեռնութեան» անդամ Վահրամ Սողոմոնեանն է: «Հետք»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան տեղեկացուց, որ «Կրթութիւն եւ համերաշխութիւն» արհեստակցական միութիւնը պիտի աշխատի բարձրացնել ուսուցիչներու եւ կրթութեան ոլորտի աշխատողներու ձայնը:
«Արհմիութենական կազմակերպութիւնները կարեւոր են ուսուցիչների թէ՛ սոցիալական, թէ՛ աշխատանքային իրաւունքների օրակարգը ձեւակերպելու, թէ՛ բովանդակային կրթութեան համակարգի զարգացման մասին դիրքորոշումներ ունենալու հարցում», ըսաւ Սողոմոնեան՝ աւելցնելով, որ այսօր աշխատող արհեստակցական միութիւնները ձեւական բնոյթ կը կրեն, իսկ կրթական ոլորտի այլ հարցեր լուծում չեն ստանար, քննարկման մակարդակէն վեր չեն բարձրանար:
«Նոր արհմիութիւնը կրթութեան ոլորտի աշխատողներին կը տայ ձայն, եւ ուսուցիչներին մէկ ձայնով խօսելու, միասին օրակարգ ձեւաւորելու հնարաւորութիւն», ըսաւ Սողոմոնեան:
Արհմիութեան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի ուսուցիչ Վահրամ Թոքմաջեան: