ԷՆՍԻՆՕ.- 16 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթիի յատուկ արարողութիւնը, յիշատակելով Տասը Կոյսերուն առակը։ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտուհիներ մասնակցեցան արարողութեան, ներկայացնելով տասը կոյսերը։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը։
Սրբազանը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց եւ գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտուհիները, որոնք օրուան խորհուրդին տեղեակ մասնակից եղան արարողութեան։ Ապա, ան անդրադարձաւ մեր Քրիստոսի վերջին օրերու առաքելութեան եւ զգուշացումներուն, որ միշտ արթուն եւ պատրաստ պէտք է ըլլանք, որովհետեւ չենք գիտեր Իր երկրորդ գալստեան օրը եւ ժամը։ Մէջբերելով օրուան Մատթէոսի Աւետարանի 24րդ գլխուն 46րդ համարէն, «Երանի՜ այն ծառային, որուն Տէրը երբ կու գայ զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւ կատարած», սրբազանը յիշեցուց, որ մեր պարտականութիւնն է ըլլալ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներն ու աշակերտները։
«Առակին իմաստուն կոյսերը պատրաստ էին դիմաւորելու փեսան, որովհետեւ իրենց լապտերներուն համար բաւարար իւղ ունէին, իսկ յիմարները անպատրաստ մնացին։ Լապտերին իւղը մեր երկրային կեանքին մէջ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած Ս. Հոգւոյ շնորհքն է, որ պէտք է աճեցնենք՝ մօտենալով Աստուծոյ, մեր սիրտերն ու հոգիները Իրեն բանալով, աղօթելով, Աստուածահաճոյ կեանք ապրելով, բարիք գործելով, լսելով, ընդունելով եւ գործադրելով Աստուծոյ պատուիրանները։ Աճեցնե՛նք մեզի տրուած շնորհքները, արթուն ըլլա՛նք հոգիով, միտքով եւ սիրտով, եւ Աստուծոյ արդար մշակները հանդիսանանք, որպէսզի երբ Յիսուս վերադառնայ իբրեւ արդար դատաւոր, մեզի երանի տայ», եզրափակեց առաջնորդը։