ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հեղինակ Արփի Մաղաքեան «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ դրամահաւաքի մը նախաձեռնած է՝ իր «Երեւանեան Հեքիաթներ» հատորը հրատարակելու համար։
Արեւելահայերէնով գրուած հատորը կը պարունակէ կարճ պատմուածքներ, որոնց մէջ իրարու կը հանդիպին աւանդական պատումը եւ հեքիաթը։
Հատորին մէջ ներառնուած պատմուածքներուն շարքին են՝ «Սիրոյ Քաղաքի Հեքիաթը՝ Երեւան», «Կարմիր Բլուր» եւ «Սասունցի Դաւիթ»։
Հատորին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր հրատարակութեան աջակցելու համար՝ այցելել www.facebook.com/donate/578312936021729/2192620244153661 կայքէջը։