ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ, 31 Մարտին տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան արձանագրած յաջողութենէն ետք, այժմ ամէն ինչ իր բնականոն հունին վերադառնալու վրայ է, բայց հարց կը մնայ, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարած իշխանութիւնները ի՛նչ դիրք պիտի գրաւեն ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ քաղաքապետներուն նկատմամբ։ Հարցումը առաւել եւս սուր կը դառնայ, երբ անիկա կը վերաբերի Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետներուն։
Պոլսոյ քաղաքապետի լիազօրութիւնները երկար ուշացումով ստացած Էքրեմ Իմամօղլու, որ օրերէ ի վեր Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգի առաջին կարգին վրայ է, ընտրական յաղթանակէն ետք 18 Ապրիլին առաջին անգամն ըլլալով հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։
Իմամօղլու «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորեց Էրտողանը։ Նախագահը դիմաւորելու հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Պոլսոյ կուսակալը եւ ապահովութեան տնօրէնը։