ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Փե-տրուար 2019ին մեկնարկեց հանրային դասախօսութիւններու շարք մը:
29 Մարտին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պըրքլիի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի Հայագիտութեան ծրագիրի տնօրէն դոկտ. Ստեփան Աստուրեանի դասախօսութիւնը՝ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բեւեռացման ընթացքը 1850ա-կան-1915թթ.» նիւթով: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, հարցում-պատասխան ներկաներուն ու բանախօսին միջեւ:
2 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ պատմաբան, ցեղասպանագէտ Ռայմոնտ Գէորգեանի դասախօսութիւնը՝ «Ուսումնասիրել եւ դասաւանդել ցեղասպանութիւնը» նիւթով: