ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան այս շաբաթ հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, թէ պատրիարքական ընտրութեան համար տեղապահ մը պէտք է ընտրուի եւ թէ ինք թեկնածու է տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու։ Մաշալեան սրբազանի այս հաղորդագրութիւնը մէկն էր այն առաջին քայլերէն, որոնք բնականաբար պիտի առնուին պատրիարքական մօտալուտ ընտրութեան մը նախատեսութեամբ։ Բայց հետաքրքրական էր իմանալ, թէ տեղապահ մը ընտրելու առաջարկին մասին ի՞նչ կարծիք ունէր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան։
19 Ապրիլին, «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան հեռաձայնով կապ հաստատեց փոխանորդ սրբազանին հետ եւ հարցուց, թէ ան ի՛նչ կը մտածէ տեղապահի ընտրութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ։
Արամ սրբազան յստակ կերպով ըսաւ, որ Զատիկէն ետք Կրօնական ժողովը նիստի պիտի հրաւիրէ 29 կամ 30 Ապրիլին, որմէ ետք արտօնութիւն պիտի խնդրուի, որպէսզի յառաջ տարուին ընտրութեան պատրաստութիւնները։ Մինչեւ այն ատեն, որ արտօնութիւն չկայ, «այս ուղղութեամբ մէկ քայլ իսկ չենք կրնար առնել», ըսաւ սրբազանը՝ աւելցնելով, որ դիմումը պիտի կատարուի Պոլսոյ կուսակալութեան։
Պատասխանելով տեղապահի ընտրութեան մասին հարցումին՝ ան ըսաւ, որ ինք համաձայն չէ անոր։ «Առանց իմ մասնակցութեան, այսպիսի ընտրութիւն մը չի կրնար կատարուիլ։ Ուրիշ մը եթէ այս ուղղութեամբ քայլեր առնել փորձէ, ատիկա ընդունելի ու վաւերական չի կրնար ըլլալ», ըսաւ սրբազանը, դիտել տալով, որ ասկէ առաջ ալ առանց տեղապահի ընտրութեան, պատրիարքական փոխանորդի հսկողութեան ներքեւ պատրիարքական ընտրութիւններ կատարուած են։
Աւարտին, ան կոչ ըրաւ համայնքին, որ քով քովի գալով՝ «պատրիարքական ընտրութիւնը կատարենք առանց զիրար վիրաւորելու կամ նախատելու»։