
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ իր տարեկան 10րդ ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 26 Ապրիլին, քաղաքին «Արպաթ» սրահին մէջ պիտի կատարուին Պըրպենքի հայ համայնքին մեծապէս նպաստած անհատներու եւ կազմակերպութիւններու մեծարումներ:
Այս տարուան մեծարեալներուն շարքին են՝ Զարեհ Խաչատրեան եւ Գէորգ Սարգիսեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն է՝ Թերեզա Երիմեան։
Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան կը յայտնէ, թէ Հայ Դատի տարեկան այս ձեռնարկը լաւ առիթ մըն է Հայ Դատի համակիրներուն, վերանորոգելու Պըրպենքի մէջ հայկական քաղաքացիական աւելի ազդու ներկայութիւն ապահովելու պատրսատակամութիւնը։
Թերեզա Երիմեան ներկայիս Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի վարիչն է, իսկ անցեալին եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կառավարական հարցերու վարիչը։ Ան նաեւ երեք առիթներով ընտրուած է Արեւելեան Հոլիվուտի թաղապետական խորհուրդի ատենապետ՝ ներկայացնելով Փոքրիկ Հայաստանը։ Ան պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեան մէջ։
Այս տարուան ձեռնարկին, Վահան Քարտաշեանի անուան Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարուան գործիչի մրցանակը պիտի շնորհուի Զարեհ Խաչատրեանին, որ փոքր տարիքէն անդամակցած է համայնքային կազմակերպութեանց, ինչպէս՝ Պոսթընի ՀՄԸՄին եւ ՀԵԴին, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ, իսկ աւելի ուշ, Պոսթընի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ մասնակցած է նահանգային եւ դաշնակցային ընտրապայքարներու։ Քալիֆորնիա փոխադրուելէ ետք, ան ազգանուէր իր գործունուէթիւնը շարունակած է Պըրպենքի մէջ եւ 2008էն ի վեր նուիրեալ անդամ է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին, ուր իր մասնակցութիւնը բերած է քուէարկողներ անդամագրելու արշաւներու եւ ընտրութեանց թեկնածուներ արժեւորելու ջանքերուն։ Ան երեք տարեշրջաններ եղած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ անոր համաատենապետը։ Խաչատրեան նաեւ անդամ է ՀՅԴ Պըրեպնքի կոմիտէութեան եւ գործնականապէս նպաստած է շրջանին նոր Երիտասարդական կեդրոն ապահովելու ջանքերուն։ Լա Քընիատա փոխադրուելէ ետք, ան քաղաքական գործիչի իր ջանքերը դրած է Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ի սպաս։
Զարեհ Խաչատրեան ելեկտրական ճարտարագիտութեան մէջ մասնագիտացած է «Թաֆթս» համալսարանին մէջ, իսկ գործարարութեան մէջ Մագիստրոսի վկայականը ստացած է «Քոլոմպիա» գործարարական համալսարանէն ու ներկայիս կը պաշտօնավարէ «Քայզըր Փըրմընենթէ» ընկերութեան մէջ։
Մուշեղ Իշխանի անուան մրցանակը պիտի յանձնուի երկարամեայ ուսուցիչ Գէորգ Սարգիսեանին։ Գէորգ-Ներսէս Սարգիսեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ուրկէ երեք տարեկանին հաստատուած է Պէյրութ, Լիբանան: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք երկու տարի յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եւ շարունակած ու աւարտած է իր երկրորդական կրթութիւնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:
1986-1989 թուականներուն յաճախած է Լիբանանի Պետական համալսարանը՝ մասնագիտանալով ուսողութեան (Mathematics) մէջ: Համալսարանական կրթութեան ընթացքին ան անդամակցած է Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) եւ հետեւած հայագիտական ու պատմական դասընթացքներու:
Գէորգ Սարգիսեան 1997ին տեղափոխուած է Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, ուր հետեւած է Valley & Glendale City College-ներու ուսողութեան, Eastern and Western Philosophy հաստատութեան հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ «Մաշտոց» քոլեճի հայագիտական եւ «Լարք» երաժշտանոցի դասընթացքներուն:
Գէորգ Սարգիսեան 1989էն ի վեր նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին եւ դասաւանդած է թուաբանութիւն, իսկ 1997ին հրաւիրուած է աշխատելու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ՝ իբրեւ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչ եւ հայերէն բաժանմունքի վարիչ-պատասխանատու:
Պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքէն ի վեր ան ամբողջական նուիրումով իր գործօն մասնակցութիւնը եւ դերակատարութիւնը բերած է մեր ազգային, հասարակական, կրթական եւ կուսակցական կեանքին՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ այդ մարզերուն մէջ: Միութենական եւ կազմակերպական կեանքը Գէորգ Սարգիսեանը դարբնած եւ կոփած է մեր ազգային գիտակցութեամբ եւ արժանապատուութեամբ, եւ ներշնչած է ազգային հպարտութիւն ու ինքնավստահութիւն:
Ամուսնացած է Գեղանի Դաւիթեանի հետ, բախտաւորուելով զաւակով մը՝ Յակոբ-Ներսէս, որ այսօր իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Ըրվայնի Նահանգային համալասրանին մէջ:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել Սիլվա Քէշիշեանին՝ (818) 445-0704, Արսինէ Վարդազարին՝ (818) 383-2030 կամ info@ancaburbank.org հասցէին: