ԽԱՐԹՈՒՄ, «Ռոյթըրզ».- 12 Ապրիլին, Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրը իշխանութենէն հեռացման առաջնորդած ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին, մինչեւ որ իսկական իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ երկրին մէջ։
Ընդդիմութիւնը պահանջեց իշխանութիւնը յանձնել քաղաքայիններէ կազմուած փոխանցման կառավարութեան մը։
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ, Սուտանի զինեալ ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեցին, որ պաշտպանութեան նախարար զօր. Աուատ պըն Ուֆիի գլխաւորութեամբ, երկու տարուան փոխանցման շրջանի մը համար ստեղծուած է զինուորական ժամանակաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի ստանձնէ իշխանութիւնը:
Զինեալ ուժերը նաեւ 3 ամսուան տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին։