ՊԵՐԼԻՆ.- Հինգշաբթի, 4 Ապրիլին, Գերմանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կնքուած է 24 Նոյեմբեր 2017ին, Պրիւքսելի մէջ: Համաձայնագիրը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու կողմէ: