ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի մէջ մեկնարկեց «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց (ՏԱ) ոլորտի առաւել քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:
Համաժողովին մասնակցողներուն ողջունեց փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան:
Նախարարը անդրադարձաւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտը Հայաստանի մէջ զարգացնելու ուղղութեամբ իրականացող պետական քաղաքականութեան:
Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ փոխնախարար Գեղամ Վարդանեան: Ան ներկայացուց տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ Հայաստանի ունեցած ներուժը եւ զարգացման կարելիութիւնները ու ընդգծած, որ ոլորտին արագ յառաջընթացին համար անհրաժեշտ է համակարգուած մօտեցում:
IT-SUMMIT-ը Երեւանի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով գումարելով՝ այս տարի հնարաւորութիւն ընձեռուած է հայկական ՏԱ ընկերութիւններուն՝ հիւրերուն ներկայացնելու հայկական յառաջադէմ մշակումները, գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները եւ լաւագոյն գործնական լուծումները: