ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հայ համայնքը հաւաքուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի (Կեդրոնական Անատոլիոյ) ամենահին (1191) եկեղեցին համարուող Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նշելով աւանդական Միջինքը:
Ըստ «Հապերթիւրք» լրատու գործակալութեան, առաւել քան 6 տարի պաշտօնապէս գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքը կիսող Միջինքը նշելու համար բազմաթիւ հայեր եկած էին Կեսարիա:
Թաթուլ քհնյ. Անոյշեան մատուցեց պատարագը, իսկ Միջինքի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ Կայսերիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկութեան ղեկավար Զատիկ Թոքեր:
Նշենք, որ Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հայութեան համար նաեւ կարեւոր ուխտատեղի է, որովհետեւ կը կարծուի, թէ անիկա կը գտնուի այն քաղաքին մէջ, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչ ծանօթացած է քրիստոնէութեան եւ ընդունած է զայն: