ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յաջորդական 11րդ տարին ըլլալով իրականացուող Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրը, այս տարի եւս իր հաւաքը կատարեց Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Արդարեւ, 9 Մարտին, վարժարան հաւաքուեցան Հայ կրթական հիմնարկութենէն եւ վարժարանէն կամաւորներ, պատրաստելով դպրոցական պայուսակներու եւ պիտոյքներու ծրարներ, որոնք պիտի հասնին Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արցախի մէջ մօտաւորապէս 350 աշակերտներու:
Նշենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ 2007ին, երբ Հայաստան այցելող Սաւատեան ընտանիքի անդամները նկատեցին, թէ աշակերտները դպրոցական կենսական պիտոյքներու անմիջական կարիքը ունին: Այդ ծրագիրը վերջին 10 տարիներուն օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի դպրոցներէն 19,680 աշակերտներու:
Ծրագիրի համաատենապետ եւ Շամլեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Ճան Պաղտասարեան կը յայտնէ, թէ գրենական պիտոյքները կը տարուին գլխաւորաբար գիւղական շրջաններու բնակիչներուն՝ աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ նաեւ կարեւոր կապեր կարելի կ՛ըլլայ ստեղծել Կլենտէյլէն, Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Սփիւռքի այլ շրջաններէ հայ աշակերտներուն միջեւ, որոնք հայութեան ապագային նկատմամաբ նոյն երազները ունին։
Այս տարուան ծրագիրը կարելի դարձաւ մասամբ Ռուբինա Մաթէոսեանի կատարած նուիրատուութեան, ի յիշատակ իր մօր՝ Սիրան Մաթէոսեանին, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ Հելթ» հաստատութեան, որ այս առիթով նուիրեց շտապ օգնութեան 400 ծրարներ։
Այս ծրագիրին միջոցով, Միացեալ Նահանգներու դպրոցներու աշակերտները կրնան գործնականապէս օգնել Հայաստանի աշակերտներուն՝ նուիրելով դպրոցական պիտոյքներ, հոգեպէս բաւարարուելով, երբ իրենց նուիրատուութիւնները հասնին Հայաստանի դպրոցներու ամենակարիքաւոր աշակերտներուն:
1950էն ի վեր, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հանդիսացած է հայ կրթական շարժման ողնասիւնը: Անիկա օգնութեան հասած է հազարաւոր հայ աշակերտներու ու բազմաթիւ դպրոցներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Անոր գերագոյն նպատակը միշտ եղած է հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ նուիրատուութիւններու համար՝ դիմել (818) 242-4154 թիւին եւ aef@aefweb.org հասցէին կամ այցելել www.aefweb.org կայքը: