ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի եւս Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամներ Ճենիս Հանի եւ Քեթրին Պարկըրի նախաձեռնութեամբ՝ Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակուած է Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ։
Նախորդ տարիներուն նման՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին Վերահսկիչներու խորհուրդը կարգ մը հայ քաղաքացիներ պիտի մեծարէ՝ լուսարձակի տակ առնելով շրջանի հայերուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն շինիչ ներդրումները:
Գլխաւոր նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր»ի հռչակումը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 Ապրիլի նիստին ընթացքին, որուն մասնակցիլ փափաքողները կրնան տեղեր ապահովել՝ դիմելով jdegonia@bos.lacounty.gov կամ jmaruca@bos.lacounty.gov հասցէներուն։
Նիստը պիտի գումարուի «Քենըթ Հան» շէնքի թիւ 381B սրահին մէջ (500 West Temple Street, Los Angeles, CA 90012)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 993-5170 թիւին։