ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շենըհեն Ռուսիայէն «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ որոշումին վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարեց Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբին առջեւ վկայութեան ընթացքին։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն կը փափաքի՞ Թուրքիոյ «Էֆ.35» ռազմական օդանաւեր վաճառելու ծրագիրին իրականացումը շարունակել՝ ան ըսաւ. «Անշո՛ւշտ կ՛ուզենք: Սակայն, նաեւ կ՛ուզենք, որ Թուրքիա գնէ «Փեթրիըթ» համակարգերը»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիայէն կը պահանջէ հրաժարիլ «Էս. 400»ներ գնելու գործարքէն՝ անոր փոխարէն առաջարկելով ամերիկեան «Փեթրիըթ»ները, սակայն Անգարա կը պնդէ, թէ կարելի չէ ետդարձ կատարել ռուսական համակարգեր գնելու որոշումէն: