Հայաստան ընտրուեցաւ ՄԱԿի Կիներու կարգավիճակի հարցերու յանձնախումբի 64րդ եւ 65րդ նստաշրջաններու նախագահող: Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան:
«Կը շնորհաւորեմ բոլորս: Նստաշրջանը ՄԱԿի երկրորդ մեծագոյն իրադարձութիւնն է Ընդհանուր ժողովէն ետք: Հայաստան յանձնախումբի անդամ ընտրուած է 2019-2023 ժամանակահատուածին համար», կը յայտնէ Զարուհի Բաթոյեան: