Շաբաթ, 16 Մարտին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան Վանքուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան SUCCESS GROUP-ի ընդունելութեան:
Սոյն հաւաքին, կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Գանատայի նախկին գլխաւոր դատախազ եւ արդարադատութեան նախարար Ճոտի Ուիլսըն Ռէյպոլտ, խորհրդարանի պատգամաւոր Ալիս Ուանկ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներ Մայք Ֆարնուըրթ, Շէյն Սիմփսըն, Մելանի Մարք, նահանգային խորհրդարանի անդամներ Անտրու Ուիլքինսըն, Թերեզա Ուաթթ, Ռիչմընտ քաղաքի քաղաքապետ Մայքըլ Պրոտի, Քոքուիթլըմ քաղաքի քաղաքապետ Ռիչըրտ Սթիուըրթ, Վանքուվըրի փոխքաղաքապետ Մայքըլ Ուիպի, զանազան քաղաքներու աւագանիներու անդամներ եւ կարգ մը երկիրներու հիւպատոսներ:
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները վերոնշեալ քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան առանձնազրոյցներ, որոնց ընթացքին արծարծեցին Արցախի հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ու գանատահայութիւնը շահագրգռող հարցեր: Անոնք նաեւ անդրադարձան Գանատա-Հայաստան առեւտրական երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան: