ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի դրամատուներու միջոցով անհատներու անունով արտասահմանէն եղած փոխանցումները Յունուար 2019ին, նախորդ տարուան նոյն ամսուան հետ համեմատած՝ աճած են 24.4 միլիոն տոլարով կամ 25.8 տոկոսով:
Յունուար 2019ին, Հայաստանի դրամատուներու միջոցով արտասահմանէն անհատներու կողմէ փոխանցուած բոլոր միջոցներուն ծաւալը կազմած է 119 միլիոն տոլար, որուն 50.7 միլիոնը՝ Ռուսիայէն: Այդ երկրէն մասնաւոր փոխանցումներու ծաւալը Յունուար 2018ի հետ համեմատած՝ կրճատուած է 2.1 տոկոսով, իսկ Միացեալ Նահանգներէն մասնաւոր փոխանցումներու ծաւալը աճած է 32.6 տոկոսով: