ՏՈՔԹ. ՔԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի մէջ, Սողոմոն Թէլիրեանի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Քարմէն Օհանեանի ելոյթին բնագիրը.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը պատմական եղաւ, ոչ միայն որովհետեւ վեց դարերու անկախութեան կորուստէն ետք վերականգնած հայկական պետութեան անկախ տարածքին վրայ կը գումարուէր, ոչ միայն միայն որովհետեւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը կը նուիրականացնէր, այլեւ որովհետեւ այդ ժողովին որոշուեց ստեղծել Նեմեսիսը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու դահիճներ, երիտասարդ թուրք իշխանութեանց ղեկավարներ պատժելու կոչուած գործողութեան ծրագիրը:
Եւ մեր ժողովրդի արժանապատուութիւնը վերականգնելու առաքելութեան լծուեց մեր կուսակցութեան կազմակերպական, մտաւորական եւ մարտական ուժի սեռուցքը, որ անկարելի պայմանների տակ, միայն համոզումի ու վճռականութեան ուժին յենուելով՝ պատուով իրականացրեց իրեն վստահուած սրբազան գործը:
Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակ եղաւ իրականացնել մեծագոյն դահիճի՝ Թալէաթի ահաբեկման առաքելութիւնը: Կարելի չէ բախտի ու ճակատագրի վերագրել այս ընտրութիւնը: Եթէ այս գործողութեամբ թէ՛ ներազգային, թէ՛ միջազգային մի պատգամ կը ծրագրուէր փոխանցել, Թեհլիրեանն էր լաւագոյն ընտրութիւնը: Իր համեստ խառնուածքով, իր իւրայատուկ հոգեխառնութեամբ, ահաբեկչական գործողութիւնը կարելի եղաւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել իբրեւ արդարութեան պարտադիր հատուցում:
Թեհլիրեան հերոսը, մեր պանծալի պատժող բազուկը, ամբողջ կեանքի ընթացքում պահեց իր համեստութիւնը, պահեց իր պարզ ու նուիրեալ դաշնակցականի հաստատուն նկարագիրը եւ հայ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան մարտական աւանդութիւնը հարստացրեց՝ ներշնչանքի անսպառ աղբիւր դառնալով հայրենասէր երիտասարդներին: