ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շատ հանգիստ կը վերաբերի այս օրերուն Ատրպէյճանի մէջ ընթացող զօրավարժութիւններուն:
Ատրպէյճանական կողմի առանց ծանուցումներու այս մեծ տարողութեամբ զօրավարժութիւն իրականացնելու քայլը Տօնոյեան կը նկատէ միջազգային պարտաւորութեան խախտում:
«Զօրավարժութեան անցկացումն ինքնստինքեան միջազգային պարտաւորութիւնների խախտում է, բայց այս պահին մենք ամբողջութեամբ վերահսկում ենք ընթացքը: Անհանգստանալու ոչ մի խնդիր չկայ», յայտնեց նախարարը: