ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի կնոջ անունով արձանագրուած եւ անոր աղջկան կողմէ կառավարուող Մոսկուայի Պաքու փողոցի «Քապրիզ» գիշերային ակումբին մէջ, քոքայինի վաճառքի ցանց մը բացայայտուած է:
Ատրպէյճանական «Ազատլիք» լրատու կայքը կը տեղեկացնէ, թէ ռուսական իրաւապահ մարմինները վերջերս ստուգումներ կատարած են հոն եւ ձերբակալած են Ասատովի դուստրը:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Պաքուի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը շտապ միջոցներու ձեռնարկած է հարցը լուծելու համար:
Յիշեալ ակումբին շուկայական արժէքը, ըստ կայքին, մօտաւորապէս 10.5 միլիոն տոլար է։