ՌԱՅԹՈՒՈՒՏ.- Առաւել քան 150 պատանիներ եւ 50 երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Պատանեկան միութեան եւ ձմեռնային աւանդական բանակումներուն, որոնք տեղի ունեցան յաջորդաբար՝ Յունուար 19-21 եւ Փետրուար 16-18ի երկար շաբաթավերջերուն։
ՀԵԴի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Արլին Թիւթիւնճեան կը բացատրէ, թէ այս տարի որոշուեցաւ տարիքային բաժանումով երկու անջատ բանակումներ իրականացել աւանդական մէկին փոխարէն, նկատի ունենալով պատանիներու թիւին աճը։
Արդարեւ, երէց պատանիները (12-16 տարեկան) մասնակցեցան ՀԵԴի Ճամբարին մէջ Յունուարին տեղի ունեցած բանակումին, իսկ երկրորդ բանակումին մասնակցեցան կրտսերները։ Այս որոշումին շնորհիւ կարելի եղաւ իւրաքանչիրին տարիքին յարմարող դաստիարակչական եւ այլ ծրագիրներ մշակել։
Առաջին բանակումին վարչութիւնը ստանձնեցին ՀԵԴի շրջանաւարտներ Սանան Շիրինեան եւ Դրօ Գրիգորեան։ Դաստիարակչական ներկայացումներով բանակումին մասնակցեցան Մարիէթա Փաշայեան (Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մասին) եւ Արա Խաչատրեան (լրագրութեան մարզին վրայ արդի արհեստագիտութեան ազդեցութեան մասին) եւ Րաֆֆի Ուրֆալի (իրենց նախահայեր գտնելու հայերու պրպտումներուն վրայ արհեստագիտութեան եւ ծինային գիտութեանց զարգացման ազդեցութեան մասին)։
Առաջնորդութեամբ համավարիչներուն եւ ՀԵԴական խորհրդականներուն, պատանիները մասնակցեցան նաեւ շարք մը աւանդական նախաձեռնութիւններու եւ խաղերու, ինչպէս նաեւ երգեցին յեղափոխական եւ ազգային երգեր, Արայիկ Գէորգեանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:
Արփա Հացպանեանի եւ Արեգ Սանթիկեանի առաջնորդութեամբ իրականացած երկրորդ բանակումին գլխաւոր նիւթն էր հայկական ինքնութիւնը եւ հայ ոգին։
Բանակումին մասնակիցները առիթը ունեցան այս հարցին շուրջ խորհրդակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեանի հետ եւ հետեւեցան Ստեփան Ալթունեանի (ամերիկահայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ինքնութեան տագնապին մասին) ու Քլոտիա Մեհրապոտի (հայ հերոս Շաւարշ Կարապետեանի եւ հերոսութեան իմաստին մասին) դաստիարակչական ներկայացումներուն, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան Սարօ Շիրինեանի առաջնորդած եւ յօդուածներ գրելու նուիրուած աշխատանիստին։
ՀԵԴի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ եւ բանակումներու կազմակերպման ընդհանուր կազմակերպող Սիլվա Խայալեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանակումներուն յաջողութեան նպատաստած ՀԵԴի անդամ խորհրդականներուն, ՀԵԴ Ճամբարի վարչութեան, բանակումներու չորս վարիչներուն, դաստիարակչական ծրագիրները ներկայացնողներուն եւ շտապ օգնութեան կամաւոր մասնագէտներ Նայիրի Ալեքսանտրին եւ Շանթ Բարմակսեանին, ինչպէս նաեւ պատանիներու ծնողներուն եւ մասնաճիւղի վարիչներուն, նուիրատուներուն եւ Արամ Գալուստեանին ու Արիկ Գէորգեանին։
ՀԵԴի Պատանեկան միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել info@ayfjuniors.org հասցէին կամ (818) 500-8883 թիւին։