ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի՝ ներկայացնելով նախագահ զօր. Միշել Աունը, բացումը կատարեց Եւրոպական Միութեան նոր կեդրոնատեղիին՝ ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի, դեսպաններու, նախարարներու եւ երեսփոխաններուն:
Մոկերինի յայտնեց, որ եւրոպացիներուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ բարեկամութիւնը ունի խոր ու հին արմատներ, իսկ վերջին 40 տարիներուն այդ կապը աւելի պաշտօնական հանգամանք ստացած է, եւ պատերազմի տարիներուն Եւրոպական Միութիւնը փորձած է կանգնիլ պատերազմի արհաւիրքը ապրող լիբանանցիներուն կողքին՝ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելով: Ան նոր կեդրոնի բացումը եւ պաշտօնեաներու թիւի յաւելումը նկատեց փաստ՝ գործակցութեան բնագաւառներու բազմացման եւ համագործակցութեան ամրապնդման՝ այլազանութեամբ հարուստ լիբանանեան ընկերութեան հետ:
Մոկերինի կոչ ուղղեց լիբանանեան ընկերութիւններուն, որ լաւապէս օգտագործեն բնական պաշարները, որովհետեւ Լիբանան գեղեցիկ երկիր է, «ուստի պէտք է լաւապէս գուրգուրալ անոր, զարկ տալ տեղական տնտեսութեան զարգացման եւ պաշտպանել կենսոլորտը»:
Ըստ անոր՝ ձգտումը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն աւելի կանաչապատ Լիբանան ունենալ, այլ աւելի ապահով. այդ պատճառով ալ Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը գործակցի լիբանանեան բանակին, ապահովական ուժերուն, օդակայանի ապահովութեան պատասխանատուներուն եւ սահմանապահներուն հետ: Ան շեշտեց, որ ապահովական բնագաւառին մէջ գործակցութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Եւրոպայի համար, որ Լիբանանի հետ ունի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ առեւտրական կապեր, որոնք տարուէ տարի աւելի կը սերտանան։ «Լիբանանի հետ կը գործակցինք աւելի լաւ երկիր կերտելու տեսլականով, եզրակացուց Մոկերինի։
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Մոկերինիի ներկայութիւնը եւ նոր կեդրոնատեղիի բացումը կը նկատէ ցուցանիշ՝ Եւրոպայի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած բարեկամութեան: