ՄՈՍԿՈՒԱ, ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ շինծու առիթներ կը ստեղծէ Վենեզուելլայի մէջ զինուորական միջամտութիւն մը արդարացնելու համար: Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն եւ պարբերաբար կը լսէ Ուաշինկթընի սպառնալիքները, թէ զինուորական միջամտութեան բոլոր տարբերակները կը շարունակեն մնալ սեղանի վրայ:
«Մենք նաեւ կ՛արձանագրենք մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման անուան տակ երկրին սահմանը բռնի ուժով խախտելուն ուղղուած շարունակական սադրանքները», նշեց Լաւրով՝ ընդգծելով, որ ըստ իրենց, ամերիկեան կողմը կ՛ակնկալէ, որ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով զոհեր արձանագրուին, ինչ որ առիթ պիտի տայ ի գործ դնելու զինուորական միջամտութեան ծրագիրը:
«Յետոյ արդէն, լաւ գործածուած բեմագրութեան համաձայն՝ պիտի ըլլան ջղագրգիռ բացագանչութիւններ, եւ պիտի ըլլայ զինուորական միջամտութեան փորձ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կը շարունակէ աշխոյժ կերպով աշխատիլ բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք մտահոգ են զինուորական միջամտութեան բեմագրութեամբ:
Միւս կողմէ, Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մեղադրեց Հարաւային Ամերիկայի մէջ պատերազմ կազմակերպելու յանցանքով: «Այն, ինչը կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, դատապարտուած է ձախողութեան: Անոնք կը փորձեն արհեստականօրէն ճգնաժամ ստեղծել, որպէսզի արդարացնեն քաղաքական մագլցումը եւ զինուորական միջամտութիւնը Վենեզուելլայի դէմ, որպէսզի պատերազմ բերեն Հարաւային Ամերիկա», յայտարարեց Մատուրօ՝ «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» յայտագիրէն:
Մատուրոյի համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզէ իր հակակշռին տակ առնել վենեզուելլական քարիւղը եւ այդ պատճառաւ պատրաստ է դիմելու պատերազմի: «(Ամերիկացի ծայրայեղ ազգայնամոլներու) «Քու Քլաքս Քլեն»ի ծայրայեղական կառավարութիւնը, զոր կը ղեկավարէ Տանըլտ Թրամփ, պատերազմ կ՛ուզէ քարիւղի եւ ո՛չ միայն քարիւղի պատճառով», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Վենեզուելլայի խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ, որ ինքզինք նախագահ հռչակած է, 28 Փետրուարին Պրազիլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու կարգ մը դեսպաններու հետ, նոյն ժամանակ յայտարարելով, որ Վենեզուելլա պիտի վերադառնայ այս շաբաթ։ Նշենք, որ հակառակ իր դէմ դրուած ճամբորդելու արգելքին, Կուայտօ նախ մեկնած էր Քոլոմպիա, ապա՝ Պրազիլ։