ԱՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Փետրուարին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հետ այցելեց արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հարաւային հատուածը, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին, կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ նախագահը աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրեց բանակաշինութեան շարք մը հարցերու շուրջ եւ յստակ յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, ԱԱԾ տնօրէն Սամուէլ Շահրամանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: