ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտօնական Երեւանը՝ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի միջոցաւ իր վրդովմունքը յայտնեց Պաքուի մէջ, 26 Փետրուարին տեղի ունեցած հակահայկական միջոցառումին Ռուսիոյ Պետական դումայի խումբ մը պատգամաւորներու մասնակցութեան վերաբերեալ:
Հակահայկական երթին ռուս պատգամաւորներու մասնակցութեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան՝ Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի՝ խորհրդի լիագումար նիստին իր ելոյթին ընթացքին:
«Պէտք է ցաւով արձանագրեմ, որ չնայած մեր երկրների միջեւ բարձր մակարդակի եւ դաշնակցային համագործակցութեանը, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ռուսական կողմի հետեւողական ջանքերին՝ ռուսաստանցի մեր որոշ գործընկերներ բառացիօրէն երէկ դարձան վառ արտայայտուած հակահայկական միջոցառման մասնակիցներ Բաքւում՝ ուղղուած տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան խաթարմանը: Աւելին, արդարացի տարակուսանք է առաջացնում այս միջոցառմանը ռուս-հայկական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի անդամների մասնակցութիւնը», յայտարարեց Միրզոյեան: