ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 9 Փետրուար 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Երեւանի Չարենցի 20 հասցէին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ՀՕՄարուեստ ընկերային ձեռնարկութեան ցուցահանդէս-վաճառասրահին: Եզակի այս նախաձեռնութեան համար սրահ փութացած էին բազմաթիւ հիւրեր եւ մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ: Հանդիսութեան հիւրերու կարգին էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ՄԱԿի Փախստականներու գծով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Աննա-Կարին Օստ, «Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Լուսինէ Ստեփանեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալիսիա Բեջանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Հրաչ Թադէոսեան, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամ Շաղիկ Մարուխեան, որոնք ցուցասրահ հրաւիրուեցան Աննա Յակոբեանի մուտքի ժապաւէնի հատումէն ետք:
Իւրայատուկ այս ձեռնարկութեան մէջ ցուցադրուող եւ պատմական արժէք ներկայացնող ձեռագործները ինքնաբերաբար տարին մեզ մեր արմատները՝ Ուրֆա, Սվազ, Այնթապ, Վան, Մարաշ եւ այլ պատմական վայրեր, ուր մեր նախամայրերը իրենց աչքի լոյսով ստեղծագործած էին հայկական ասեղնագործութեան այնպիսի նմոյշներ, որոնք մեր մշակոյթի անմահացման անզուգական օրինակներ են:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետուհի Համեստ Պէօճէքեան, որ բարի գալուստի իր քաղցր խօսքերէն ետք, ակնարկելով ցուցադրուած ձեռագործներուն՝ հպարտութեամբ ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն ետք, երբ մեր ժողովուրդը տեղահանուել ու սփռուել էր աշխարհի չորս ծագերում, Հայ Օգնութեան Միութիւնը յատկապէս Միջին Արեւելքի գաղթականական հիւղաւաններում նախաձեռնեց հայկական ասեղնագործութեան դասընթացների»:
Կասկածէ վեր էր, որ ակնարկուած դասընթացքները նպատակ ունէին հայ երիտասարդ աղջիկներուն եւ հայ կնոջ համար զբաղում ստեղծել, գիր-գրականութեան կողքին, հայկական մշակոյթի այս երեսը պահպանել, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատանք հայթայթել:
«Անմիջական կարիքից ծնուած այդ նախաձեռնութիւնը տարիներ յետոյ վերածուեց ՀՕՄի տարբեր միաւորների կայուն ծրագրի, թէ՛ որպէս մշակութային նախձեռնութիւն, թէ՛ որպէս հայ կնոջ աշխատանքի հայթայթման աղբիւր եւ թէ միութեան կամաւոր աշխատանքի ֆինանսաւորման միջոց», ըսաւ ընկհ. Պէօճէքեան՝ աւելցնելով. «Հայաստանում նման կենտրոնի հիմ-նադրութիւնը ո՛չ միայն պիտի դառնար աշխատանքի աղբիւր, այլ պիտի փորձէր ի մի բերել Կիլիկիոյ, Արեւմտահայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում կանացի ձեռարուեստի գոհարները ու նպաստէր այդ արուեստի փոխանցմանը ապագայ սերնդին»:
Ըստ ատենապետուհիին՝ չորս տարիներ առաջ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը հայրենիքի մէջ յաջողութեամբ կրկնօրինակեց ՀՕՄի աւանդական այս նախաձեռնութիւնը, որուն դասընթացքներուն հետեւած եւ յաջողութեամբ աւարտած են 300 հայուհիներ: Ընկերուհին յատուկ կերպով ընդգծեց այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ գլխաւոր ներդրումը Հայաստան հաստատուած սուրիահայ հայուհիներու, որոնք՝ ծանօթ ըլլալով ՀՕՄի ձեռարուեստի կեդրոնի գաղափարին ու գործելակերպին, կարելիութիւնը ունեցան եւ պիտի շարունակեն ունենալ նման կեդրոններու յարատեւութեան համար տունէն աշխատելուն:
Օգտաւէտ այս ծրագիրի յաջողութեան գծով, Պէօճէքեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Քարիթաս»ին եւ World Vision-ին, որոնք հաւատալով ծրագիրի կարեւորութեան, դրամաշնորհներ տրամադրած էին ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային ձեռարուեստի յանձնախմբին, որ Շրջանային վարչութեան կողքին աշխատելով՝ իրականացուց ՀՕՄի այս ծրագիրը: Ընկերուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ Արաբկիրի միաւորին, որ առաւել քան երեք տարի իր գրասենեակը տրամադրած էր ՀՕՄին, ինչպէս նաեւ Ծովակ Մանճիկեանին, որ սիրայօժար կերպով կատարած էր կեդրոնի նախագծման եւ յարդարման աշխատանքը:
Ընկերուհիին տպաւորիչ ելոյթէն ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց «Քարիթաս»ի ներկայացուցիչ Լուսինէ Ստեփանեան, որ շնորհաւորելէ ետք կեդրոնի բացումն ու անոր մասնակցող ներկաները, բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄի մարդասիրական գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իբրեւ կառոյց, 110 տարուց աւելի իրականացնում է թէ՛ անհատի կեանքի բարելաւման գործունէութիւն եւ թէ համամարդկային արժէքների պահպանման եւ տարածման գործունէութիւն: Խօսելով այս կեդրոնի մասին, ես չեմ կարող չանդրադառնալ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին եւ Հայաստան տեղափոխուած սիրիահայ ՀՕՄուհիների իրականացրած գործունէութեանը, որոնք ուղղակի կարողացան ճիշդ գնահատել այն ներուժը, որ սիրիահայ կանայք ունեն եւ ժամանակի այն հրամայականը, որ մենք ներկայումս ունենք: Ոչ ոքիս գաղտնիք չի, որ Մերձաւոր Միջին Արեւելքում, կանայք ընդհանրապէս չեն աշխատում: Բայց նրանցից շատեր ունեն ձեռքի շնորք, որ մենք արեւելահայերս չունենք ընդհանրապէս: Մի կողմից այդ գնահատելով, միւս կողմից այլ սոցիալական ձեռնարկութիւնների հնարաւորութիւնը որպէս զարգացող ճիւղ Հայաստանում, դուք կարողացաք ուղղակի համադրել հնարաւորութիւնները եւ ստեղծել այս գեղեցիկ կենտրոնը: Ես կարեւորում եմ նաեւ, որ դուք մասնակցեցիք Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւոման՝ «Քարիթաս»ի կողմից իրականացուող ծրագրին եւ ձեր երազանքը ուղղակի հասցրիք գաղափարի, ապա՝ «բիզնես պլանի» (գործառնութեան ծրագիրի-Խմբ.):
Շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՄԱԿի Փա-խստականներու գծով Գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Աննա-Կարին Օստ, որ նաեւ մեծապէս գնահատեց կեդրոնի ստեղծումը:
Գեղեցիկ եւ իմաստալից այս ելոյթներէն ետք, Աննա Յակոբեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ շրջեցաւ կեդրոնը եւ մանրամասնօրէն հետաքրքրուեցաւ ցուցադրուող գեղեցիկ արուեստի գործերով եւ բարձր գնահատեց զանոնք: Ապա, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին ընկերակցութեամբ ան հատեց օրուան կարկանդակը, մասնակցեցաւ հիրասիրութեան, այնուհետեւ գոհունակութեամբ մեկնեցաւ սրահէն:
Կեդրոնին մէջ զուարթ մթնոլորտը շարունակուեցաւ: Ներկաները հմայուած՝ բծախնդրութեամբ վայելեցին ցուցադրուած ձեռագործները:
Շնորհաւորելի է ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան այս քաջարի քայլը, որուն կազմակերպած հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի դասընթացքներն ու որակեալ արտադրանքի վաճառքը մեծապէս պիտի նպաստեն հայկական մշակոյթի տարածման: