ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Դէպի Ատրպէյճան արտածումներու արտօնագիրներու վերականգնումէն երկու շաբաթ անց, իսրայէլեան «Aeronautics» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 13 միլիոն տոլար արժող պայմանագիր մը կնքած է Ատրպէյճանի հետ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը կը հաղորդէ, թէ երկարամեայ ժամկէտով պայմանագիրով ընկերութիւնը Ատրպէյճանին պիտի ծախէ «Orbiter 1K» անօդաչու թռչող սարքեր եւ զանոնք գործածութեան պատրաստ վիճակի մէջ պահելու համար պիտի կատարէ հարկաւոր սպասարկում:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ անօդաչու թռչող սարքը կրնայ 1-2 քիլոկրամ կշիռքով պայթուցիկ կրել եւ մինչեւ երեք ժամ մնալ օդին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ջնջած էր նախապէս հաստատուած արգելքը եւ իսրայէլեան ընկերութեան արտօնած Ատրպէյճանին զէնք վաճառել, հակառակ անոր, որ ընկերութեան պատասխանատուները փորձարկման համար հայկական կողմին դէմ օգտագործած էին անօդաչու թռչող սարքեր, խախտելով երկրին օրէնքները: Նշեալ յարձակումը տեղի ունեցած էր 2017ի ամրան:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը կը գրէ, որ Ատրպէյճան իսրայէլեան սպառազինութեան գլխաւոր գնորդներէն է: Կը նշուի, որ միայն 2017ին, Պաքու Իսրայէլէն 137 միլիոն տոլարի զէնք գնած է:
Արդեօք՝ Հայաստանը կարող՞ է Հակադարձել՝ Օգնելով «Հըզպալլային»…