ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանը բեկանեց հայկական «Սանասարեան խան»ի սեփականութեան իրաւունքը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձնելու որոշումը, որուն հետեւանքով շէնքը պիտի պատկանի Թուրքիոյ Հիմնարկներու (վագըֆ) ընդհանուր տնօրէնութեան։
Նշենք, որ պետութեան կողմէ գրաւուած եւ Թուրքիոյ Հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան յանձնուած շէնքին սեփականութեան իրաւունքը վերստանալու նպատակով՝ պատրիարքարանը թրքական դատարան դիմած էր 2011ին: Յուլիս 2014ին, Պոլսոյ 13րդ դատարանը որոշում տուած էր պատրիարքարանին դէմ, որմէ ետք պատրիարքարանը բողոք ներկայացուցած էր վճռաբեկ ատեանին: Շուրջ երեք ու կէս տարի տեւած դատական գործընթացին իբրեւ արդիւնք՝ 2017ին վճռուած էր շէնքին սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնել Պոլսոյ պատրիարքարանին։ Սակայն, Հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան պահանջով դատը վերաբացուած էր եւ ատեանը իր իսկ նախորդ որոշումը բեկանեց՝ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կրկին վերադարձնելով տնօրէնութեան:
Ատեանին պնդումով, խանը պատրիարքին անունով արձանագրուած սեփականութիւն է, այսինքն համայնքային հաստատութիւն չէ եւ այդ պատճառով խանին վերադարձուիլը ուզող համայնքայինները իրաւունք չունէին համայնքին անունով ետ պահանջելու յիշեալ խանը։ Այս պատճառաբանութեամբ է, որ դատարանը կը հասկցնէ, թէ նախկին որոշումը սխալ էր ու հիմա կը սրբագրէ իր նախկին սխալ որոշումը։
«Մարմարա»ն կը տեղեկացնէ, թէ հայկական կողմին շահերը պաշտպանող փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու յայտարարած է, որ վճիռը բողոքարկելու համար պիտի դիմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: