ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, թէ 2018ը աշխուժ տարի էր «Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն համար»՝ աւելցնելով, որ 2018ին կարելի եղած է քննարկումներ բազմացնել յատկապէս «մեր դաշնակից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն գծով»:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը առայժմ կը մնայ չլուծուած: Սակայն, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եռանախագահները՝ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, համատեղ կ՛աշխատին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար պայմաններ եւ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ: Կը յուսանք, որ 2019ը նոր եւ դրական զարգացում կը բերէ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն», ըսաւ Քարասին: