ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Բրիտանիոյ խորհրդարանը 15 Յունուարին մերժեց Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու «Պրեկզիթ»ի նախաձեռնութիւնը իրականացնելու մասին վարչապետ Թերեզա Մէյի նեկայացուցած ծրագիրը, որուն դէմ քուէարկեցին 432 երեսփոխաններ, իսկ կողմ՝ 202:
Բրիտանիոյ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերեմի Քորպին յայտարարեց, թէ քուէարկութեան արդիւնքը Թերեզա Մէյի կառավարութեան ջախջախիչ պարտութիւնն է, եւ 16 Յունուարին ներկայացուց Մէյի կառավարութեան վստահութիւնը ետ խլելու եւ կանխահաս ընտրութեան դիմելու նախագիծ մը՝ աւելցնելով. «Մէյ անկարող է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելու»: