Երկուշաբթի, 14 Յունուարին, Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակման առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց զինք:
Վեհափառը իր նամակին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակները ու մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները պիտի արդարացնէք ժողովրդանուէր ու հայրենակերտ ծրագիրներու մշակումով ու իրագործումով»:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ընտրութիւնը: