ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա այս տարի յառաջխաղացք կ՛ակնկալէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, 16 Յունուարին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ ելոյթ ունենալով 2018ի իրագործումներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Այսօր տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահներու (ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակ) հերթական շփումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այս ուղղութեամբ, մենք պիտի կարենանք օժանդակել հակամարտութեան կարգաւորման, որ կը ձգձգուի, բայց կրնայ լուծուիլ, եթէ Երեւան ու Պաքու բարի կամք ցուցաբերեն եւ միջազգային հանրութիւնը աջակցի համանախագահներու ջանքերուն», ըսաւ Լաւրով: