ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի հետ տարուող քաղաքականութեան գործառոյթները պիտի պահպանուին: Նախարարութեան լուծարումէն ետք Սփիւռքի քաղաքականութիւնը կրնայ մշակել Սփիւռքի հարցերով կոմիտէն կամ յատուկ յանձնակատարի գրասենեակը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին Ազգային ժողովին մէջ յայտնեց «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, սփիւռքի նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեան՝ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանի հարցումին:
Էդմոն Մարուքեան նշեց, որ Մխիթար Հայրապետեան սփիւռքի նախարար եղած ատեն միշտ շեշտադրած է նախարարութեան կարեւորութիւնը, իսկ հիմա, երբ ան պատգամաւոր է, կ՛ըսէ, որ նախարարութիւնը կրնայ փակուիլ: «Ինչպէ՞ս տալ այդ ուղերձը Սփիւռքին, որ վնաս չտայ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն», նշեց Մարուքեան:
«Մենք բաւական ազնիւ եղած ենք մեր ընտրողներուն դիմաց: Մինչ ընտրութիւնները, Փաշինեան խօսած էր նախարարութիւններու միացման մասին եւ յստակօրէն նշած նախարարութիւններու կրճատման հնարաւորութիւնը: Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութեան մասին բազմիցս խօսած ենք, սակայն հետեւեալ շեշտադրումով՝ եթէ զայն պիտի պահպանենք, ապա պէտք է տանք «սուփըր լծակներ»: Լուծարման պարագային, Սփիւռքի հետ քաղաքականութեան գործառոյթները, զորս ունեցած է նախարարութիւնը, պիտի պահպանուին: Պիտի կազմուի Սփիւռքի հետ քաղաքականութիւն մշակող ու իրականացնող առանձին օրինական կառոյց: Այժմ կը քննարկուի երկու օրինակ՝ Սփիւռքի հետ հարցերով կոմիտէի կամ կառավարութեան կազմին մէջ Սփիւռքի հարցերով յատուկ յանձնակատարի շատ մեծ գրասենեակ, ուր ներգրաւուած պիտի ըլլան նախարարութեան լաւագոյն աշխատակիցները», ըսաւ Հայրապետեան:
Ան նշեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու մասին խօսելով՝ կառավարութիւնը անոր փոխարէն կը ներկայացնէ առաջարկ:
Անդրադառնալով պատասխանին՝ Էդմոն Մարուքեան նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարութիւնը կը կրճատեն ու կը ստեղծեն կոմիտէ, ատիկա կը նշանակէ, որ խորհրդարանական վերահսկողութեան տարածքէն դուրս կը բերեն զայն: «Անոր համահունչ գերատեսչութիւն կը կազմուի, սակայն մենք չենք կրնար հարցեր տալ ու քաղաքական իմաստով հաշուետուութիւն պահանջել ոեւէ մէկէն», ըսաւ ան:
Հայրապետեան նշեց, որ եթէ կոմիտէ ըլլայ, անիկա պիտի գործէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ենթակայութեան տակ, հետեւաբար քառօրեայի ամէն Չորեքշաբթի օրը խորհրդարանին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին կարելիութիւն պիտի ունենան Սփիւռքին վերաբերող հարցերով դիմել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին:
«Շատ կարեւոր է, որ մենք ա-պահովենք գործառոյթներու ժառանգականութիւնը: գործառոյթները պիտի շարունակուին, որեւէ մտահոգութիւն չկայ», յայտնեց Հայրապետեան: