«Գերմանիոյ կառավարութիւնը հաստատեց «հայկական մաֆիա»ի գործունէութեան աշխուժացումը», նշուած է երկրին երրորդ մեծագոյն կուսակցութեան՝ «Այլընտրանք՝ Գերմանիոյ համար»ի դիմումին ի պատասխան Գերմանիոյ կառավարութեան պատրաստած տեղեկագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ հայերէ կազմուած յանցագործ կազմակերպութիւնները ռուս-եւրասիական յանցագործութեան մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն, 2017ի վիճակագրութեանց համաձայն՝ «միայն» 4րդ տեղը գրաւելով հանդերձ զուտ ռուսական, գերմանական եւ լիթուանական մաֆիաներուն ետին»:
Գերմանիոյ կառավարութեան տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ հայկական յանցագործ խմբակցութիւնները գործունէութիւն կը ծաւալեն գլխաւորաբար երկրին հիւսիսը եւ արեւելքը: Նաեւ կը նշուի, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները լաւատեղեակ են հայկական յանցագործ որոշ խմբակներու իտալականներու հետ սերտ գործակցութեան:
Յիշեցնենք, որ 2018 Նոյեմբերին, գերմանական Der Spiegel հեղինակաւոր շաբաթաթերթը եւ հեռատեսիլի MDR (Mitteldeutscher Rundfunk) պետական կայանը՝ յենելով Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանութեան մէկ տեղեկագիրին վրայ, Գերմանիոյ մէջ հայկական մաֆիային նուիրուած միասնաբար կատարուած լրագրական հետաքննութեան մը արդիւնքները հրապարակած էին: Այդ հետաքննութիւնը պտուղն էր չորս տարուան աշխատանքի մը, որ սկսած էր 2014ին Էրֆուրթի մէջ հայկական հակադիր երկու խմբակներու միջեւ տեղի ունեցած հրացանաձգութենէն ետք:
Այդ միջադէպէն ետք, Դաշնակցային ոճրային ոստիկանութեան գրասենեակը, Գերմանական հետախուզական գործակալութիւնը՝ BNDն եւ գերմանական տարբեր նահանգներու ոստիկանութիւնները Եուրոփոլին հետ ձեռնարկած էին FATIL ծրագիրին, որուն նպատակն էր «օրէնքով գողեր»ուն դէմ պայքարը:
Այնուհետեւ, այդ ծրագիրի շրջանակին մէջ կատարուած քննութիւններու լոյսին տակ՝ Գերմանացի ոստիկանները յանգած էին այն եզրակացութեան, որ հայ բարձրաստիճան դէմքեր կը հովանաւորեն հայկական այդ յանցագործ խմբակները, ինչպէս Գերմանիոյ դաշնակցային նահանգներէն Թիւրենժի եւ երկրին այլ շրջաններուն մէջ: Այսպէս, գերմանական ոստիկանութեան յանձնարարուած էր չգործակցիլ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանի հետ: Ան կը մեղադրուէր հայկական մաֆիային հետ կապ ունենալու յանցանքով, 2008ին մագսանենգութեան եւ ապօրինի գաղթի գործարքներու առնչուած ըլլալու ամբաստանութիւններով: Հայաստանի դեսպանը անհեթեթ որակած էր այդ մեղադրանքները, պահանջած էր, որ լրագրողները հերքում կատարեն, նաեւ դատ բացած էր հեռատեսիլի MDR կայանին դէմ: Այնուհետեւ, Պերլինի դատարանը Der Spiegel-ին եւ հեռատեսիլի նշեալ կայանին արգիլեց Հայաստանի դեսպանին մասին անհիմն յայտարարութիւններու հրապարակումը: Սակայն, գերմանական պետական հեռատեսիլի ներկայացուցիչները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ չեն ընդունիր այս վճիռը եւ պիտի բողոքեն՝ պահանջելով աւելի ընդգրկուն դատ մը, ինչպէս նաեւ՝ այդ արգելքին ջնջումը: