Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին մէջ 2018ի ընթացքին արձանագրուած են 63 զինծառայողներու մահուան դէպքեր, որոնցմէ 27ն ժամկէտային զինծառայող, 23ը՝ պայմանագրային զինծառայող, 2ը՝ ենթասպայ եւ 11 սպայ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, թէ 63 զինծառայողներէն 38ի մահուան դէպքերը պատահած են զինուորական ծառայութեան ընթացքին, 25ինը՝ զինուորական ծառայութեան հետ կապ չունեցող հանգամանքներու մէջ:
Զինուորական ծառայութեան ընթացքին պատահած մահուան դէպքերուն պատճառները.
7ն՝ հակառակորդին կողմէ սպանութիւն.
11՝ անձնասպանութեան կամ անձնասպանութեան հասցնելու հետեւանքով.
2՝ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով.
3՝ հիւանդութիւն.
1՝ ականի պայթում.
1՝ սպանութիւն.
3՝ դժբախտ պատահար.
6՝ ծառայութեան ընթացքին արկածներ.
2՝ մարտական ծառայութեան կանոններու խախտումներ.
2՝ թռիչքներու կամ անոնց նախապատրաստման կանոններու խախտումներ:
Զինուորական ծառայութեան հետ կապ չունեցող 25 մահուան դէպքերուն պատճառները.
11՝ ծառայութեան հետ կապ չունեցող արկածներ.
10՝ հիւանդութիւն.
4՝ դժբախտ պատահարներ:
Համեմատութեան համար, դատախազութիւնը կը նշէ, որ 2017 տարուան ընթացքին, Հայաստանի Զինուած ուժերուն եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մէջ արձանագրուած էր 76 զինծառայողներու մահուան դէպքեր, որոնցմէ 56ը՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, իսկ 20ը ծառայութեան հետ կապ չունեցող պատահարներու պատճառով:
Համեմատական վերլուծութիւնը կը վկայէ, որ Զինուած ուժերուն մէջ մահուան դէպքերը նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ ընդհանուր առմամբ նուազած են 13ով կամ 17 տոկոսով: 18ով կամ 32 տոկոսով նուազած են զինուորական ծառայութեան հետ անմիջականօրէն կապուած մահուան դէպքերը:
Փոխարէնը, 2017 տարուան հետ համեմատած՝ 5ով կամ 20 տոկոսով աւելի են զինուորական ծառայութեան հետ կապ չունեցող մահուան դէպքերը:
2017 տարուան ընթացքին Հայաստանի Զինուած ուժերուն եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին պատահած մահուան 56 դէպքերը արձանագրուած էին հետեւեալ պատճառներով.
23՝ հակառակորդի կողմէ կատարուած սպանութիւն.
10՝ անձնասպանութեան կամ անձնասպանութեան հասցնելու հետեւանքով.
4՝ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտումներ.
4՝ հիւանդութիւն.
4՝ ականի պայթում.
3՝ սպանութիւն.
4՝ դժբախտ պատահար.
4՝ ծառայութեան ընթացքին արկածներ:
2017ին զինուորական ծառայութեան հետ կապ չունեցող 20 մահուան դէպքերը տեղի ունեցած են հետեւեալ պատճառներով.
1՝ սպանութիւն.
5՝ ծառայութեան հետ կապ չունեցող արկածներ.
12՝ հիւանդութիւն.
2՝ դժբախտ պատահարներ:
Յատկանշական է, որ 2017ի հետ համեմատած՝ 2018ին առաւել քան երեք անգամով նուազած են հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով զոհերու թիւը։